Արա Սարաֆեան կը դասախօսէ հայկական եւ ասորական ցեղասպանութեան մասին

Արա ՍարաֆեանԱսորական ցեղասպանութեան՝ «Սէյֆօ»ի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպութեամբ, վերջերս Քալիֆորնիա այցելած է եւ Լոս Անճելըսի ու Սան Տիէկոյի մէջ երկու դասախօսութիւններ տուած է պատմաբան, Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Արա Սարաֆեան:
Սաֆարեան խօսած է 1915ի հայկական եւ ասորական ցեղասպանութեանց մասին՝ բաղդատութիւններ կատարելով անոնց տարողութեանց եւ զանոնք աշխարհին ծանօթացնելու աշխատանքին միջեւ: Ան ըսած է, թէ հայութիւնը ասորիներէն աւելի աշխոյժ աշխատանք տարած է իր կրած աղէտը աշխարհին ծանօթացնելու համար, սակայն դրական նկատեց այն, որ վերջին քանի մը տարիներուն ասորիները եւս սկսած են իրենց ողբերգութիւնը ծանօթացնել ակադեմական շրջանակներու մէջ:
Յայտնենք, ասորական ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնն ու «Կոմիտաս» հիմնարկը որոշած են յառաջիկայ տարուան ընթացքին հայերէնով հրատարակութիւն մը հրապարակել ասորական ցեղասպանութեան մասին:

http://asbarez.com/arm/148995/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ