Տաւութօղլու նախապայման կը դնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անգարայի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կապել՝ ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին կողմէ ուրբաթ, դեկտեմբեր 7ին հաղորդուած տեղեկութեանց:

Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, պատասխանելով թերթի լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք մինչեւ 2015 կարելի՞ է որեւէ յառաջընթաց ապահովել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն մէջ՝ յայտարարած է, որ Արցախի տագնապին շուրջ բանակցութիւնները կրնան ճամբայ հարթել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործին:

«Մենք Պոլսոյ մէջ քննեցինք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Յաջորդ տարեսկիզբին նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ, իսկ աշնան՝ Ատրպէյճանի մէջ: Կան որոշ դժուարութիւններ, որոնք կը խաթարեն որեւէ յառաջխաղացք՝ նախքան ընտրութիւնները: Հոգեբանական մթնոլորտը տակաւին յարմար չէ: Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները շարունակուին՝ որոշ արդիւնքի հասնելու նպատակով», ըսած է ան:

http://asbarez.com/arm/148537/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ