ԵՐԵՒԱՆ.- «Մեր յաղթանակները» քառահատորին նպատակն է հանրութեան ներկայացնել հայոց ռազմարուեստի պատմութիւնը:
Արդէն իսկ լոյս տեսած Դ հատորին մէջ ընդգրկուած է 18-20-րդ դարաշրջանը: Հատորը կը սկսի 1720-ական թուականներուն Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարի յաղթանակներու նկարագրութեամբ եւ կ՛աւարտի Արցախեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած փայլուն եւ համոզիչ յաղթանակներով:
Յատուկ տեղ տրամադրուած է ֆէտայական շարժումին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի մասնակցութեան՝ թրքական եւ պարսկական տիրապետութեան դէմ ծաւալուած պատերազմներուն ու Համաշխարհային զոյգ պատերազմներուն։
Կը նախատեսուի, որ գիրքը ունենայ մեծ թիւով ընթերցող։
Leave a Reply