Քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքի վրայ իր դրոշմը դրած է Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու ու անոնց դէմ օրինական հետապնդումի ձեռնարկելու խնդիր մը, որ օրակարգի բերուեցաւ վարչապետ Էրտողանի կողմէ եւ դրուեցաւ Խորհրդարանի օրակարգին վրայ։ Խորհրդարանը պիտի ընդունի՞ այս առաջարկը, պիտի ջնջէ՞ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ու զանոնք Խորհրդարանէն պիտի վտարէ՞ այնպէս ինչպէս կ՚ուզէ վարչապետ Էրտողան։
Վարչապետ Էրտողան երէկ կուսակցութեան խմբակի ժողովի ընթացքին դարձեալ շատ խիստ խօսեցաւ եւ բացայայտ կերպով ըսաւ, որ Պէ-Տէ-Փէցիները կը գործեն որպէս ահաբեկչական կազմակերպութեան մէկ ճիւղը, Պէ-Տէ-Փէցիները այս սմսեղուկ միջոցներով ահաբեկչական կազմակերպութիւնը առած են Խորհրդարանէն ներս, այդ կուսակցութեան նախագահը բացէ ի բաց ժողովուրդին կոչ ըրած է, որ զինուի, քաղաքական կուսակցութեան մը նախագահը կրնա՞յ այսպիսի ապօրէն պատգամ մը տալ, ասոնք ուղղակի ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներն են, եւ մենք չենք կրնար անոնց տեղ տալ Խորհրդարանէն ներս, ասոնք, անձեռնմխելիութեան զրահին ետին պահուըտելով, անընդունելի գործեր կը կատարեն, ըսաւ Էրտողան։
Վարչապետ Էրտողանի այս խօսքերուն պատասխան եկաւ Պէ-Տէ-Փէի Համանախագահ Կիւլթան Քշանաքէն, որ պնդեց թէ վարչապետ Էրտողան ուղղակի կը ստէ, երբ կ՚ըսէ որ Պէ-Տէ-Փէի նախագահը ժողովուրդին կոչ ըրաւ, որպէսզի զինուի։ Այս կուսակցութիւնը երկու համանախագահներ ունի, եւ երկուքն ալ այդպիսի կոչ մը չեն ըրած, ուստի վարչապետը կը ստէ եւ վաղը թերթերը պէտք է քաջութիւնը ունենան մեծադիր խորագիրներով յայտարարելու, որ վարչապետը կը ստէ։
Կիւլթան Քշանաք ըսաւ. «Մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ դուք անհանգիստ էք Խորհրդարանի մէջ մեր ներկայութենէն, բայց եթէ մեզ Խորհրդարանէն վռնտէք, մենք տարբեր միջոցներ կը գտնենք ու կը շարունակենք անհանգստացնել ձեզ։ Դուք եւ ձեր ներկայացուցած մտայնութիւնը արդէն կ՚ուզէ, որ քիւրտերը դուրս գան Խորհրդարանէն, արդէն հարիւրէն 10 քուէի ամբարտակը ստեղծեցիք, որպէսզի քիւրտերը Խորհրդարան չկարենան մտնել, դուք իրականութեան մէջ արեան եղբայր էք 12 սեպտեմբերի զինուորական հարուածին։ Բայց ինչ որ ալ ընէք, մենք մեր պահանջներէն պիտի չհրաժարինք։
Քշանաք ըսաւ, որ եթէ ոմանք կը կարծեն, որ 94 թուականը կրնայ կրկնուիլ, կը սխալին, հիմա ոչ Թուրքիա 94-ի Թուրքիան է, ոչ ալ քիւրտերը 94 թուականի Քիւրտերն են։ Եթէ վարչապետը, 94 թուականի օրինակը աչքի առջեւ ունենալով, կը մտածէ, որ կրնան քիւրտերը վռնտել Խորհրդարանէն, կը սխալի, 94-ը չի կրնար կրկնուիլ, ամէն մարդ լաւ գիտէ այս կէտը։
Պէ-Տէ-Փէի համանախագահը աւելի առաջ գնաց ու ըսաւ, որ վարչապետին դիրքաւորումը քաղաքական գործողութիւն մըն է։ «Մենք ալ գիտենք քաղաքական տարբեր գործողութիւններու ձեռնարկել,-ըսաւ Քշանաք,-Ա-Գէ-Փէ կուսկցութեան մտայնութիւնը չէ փոխուած, միայն դիմակները փոխուած են, բայց այդ դիմակները ձեզ պիտի չպաշտպանեն։ Հաշտութի՞ւն, խաղաղութի՞ւն կ՚ուզէք, ուրեմն Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխանները պատրաստ են, քրտական քաղաքականութիւնը պատրաստ է, բայց եթէ ասոնցմէ տարբեր միջոցներու պիտի դիմէք, մերիններն ալ պատրաստ են պայքարելու ամէն տեսակ բռնութեան ու բռնաբարումի դէմ։
Քշանաքի սպառնական ոճը ցոյց կուտայ, որ նոր փոթորիկը հորիզոնին վրայ է։ Պիտի պայթի՞ թէ ոչ, այս հարցումին պատասխանը կախեալ է այն դիրքաւորումէն զոր Խորհրդարանը պիտի ունենայ Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու շատ պայթուցիկ հարցին մէջ։
05.12.2012
Leave a Reply