Ամերիկեան մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ 1997ի պետական հարուածին մէջ

ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ կազմուած եւ պետական յեղաշրջումները քննելու պարտականութիւն ունեցող յատուկ յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին հաղորդած է, թէ բացայայտած է գաղտնի նամակ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Ուաշինկթըն մեղսակից է 1997ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ պետական յեղաշրջումին:
Ըստ նամակին՝ Ուաշինկթընի իշխանութիւնները կոչ ըրած են Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ու դեսպանատան այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որ «համոզեն» Թուրքիոյ բանակը՝ իսլամ արմատական վարչապետ Նեճմետտին Էրպաքանի կառավարութեան հեռացումը ապահովելու նպատակով «քայլեր առնելու»:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մտահոգ էին Էրպաքանի իշխանութեան օրերուն Թուրքիոյ իշխանութեանց եւ արաբական ու իսլամական երկիրներու հետ սերտացող կապերով՝ ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ աշխարհիկ կուսակցութեանց տկարացումով:
Փետրուար 28, 1997ին տեղի ունեցած պետական «մեղմ» յեղաշրջումը հետաքննող յանձնաժողովին տուեալներուն համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Ուորըն Քրիսթոֆըրի ստորագրութիւնը կրող եւ «գաղտնի ու անյետաձգելի» որակուած գաղտնագիր նամակը՝ յեղաշրջումէն քանի մը ամիս առաջ ղրկուած էր Անգարայի ամերիկեան դեսպանատուն: Անկէ օրինակներ ղրկուած են նաեւ Աթէնքի, Պէյրութի, Մոսկուայի, Սոֆիայի եւ Ժընեւի ամերիկեան դեսպանատուներուն:
«Խորապէս մտահոգ ենք Նեճմետտին Էրպաքանի վարչապետութեամբ: Թուրքիոյ զինուորական ուժերը պէտք է համոզել, որ քայլերու դիմեն», գրուած է նամակին մէջ, եւ ճիշդ այդ է, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 28, 1997ին, երբ բանակի ճնշումներուն տակ Էրպաքան յայտարարեց, թէ կը հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն:
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի նամակին մէջ նաեւ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ Էրպաքանի հետ համախոհական կառավարութիւնը կազմելու համաձայնութիւն գոյացուցած նախկին վարչապետ Թանշու Չիլեր, չէ կրցած բաւարար կերպով մեղմացնել Էրպաքանի դիրքորոշումները:

http://asbarez.com/arm/148379/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ