«Յիշելով Իզմիրը» նիւթով երեկոյ Աւստրալիոյ Ռոքտէյլի մէջ

Թեսաղոնիկէի 100ամեակի նուիրւած ձեռնարկներու շարք մը կ’իրագործուի Աւստրալիոյ Ռոքտէյլի մէջ: Սիտնիի հարաւային արուարձան մըն է Ռոքտէյլ, հարաւային Ուէլսի նահանգէն ներս:
Չորեքշաբթի 5 դեկտեմբերին, նախատեսուած է ձեռնարկ մը որ կը կազմակերպուի Աւստրալիոյ յունական կրթական միութեան եւ ԱԽԵՓԱի կողմէ: Ձեռնարկը կը կրէ «Յիշելով Իզմիրը» ընդհանուր խորագիրը եւ երաժշտութեամբ, ժապաւէնի ցուցադրութեամբ ու յիշատակներով յատկանշուած երեկոյ մըն է, որուն ներկայ գտնուելու համար Լոնտոնէն յատկապէս հրաւիրուած է տոքթ. Իոաննա Հիսլոփ:
Տոքթ. Հիսլոփ թոռնուհին է Նոր Զէյլանտա ծնած վերապատուելի Չարլզ Տոպսընի, որ աւետարանական եկեղեցւոյ որպէս ներկայացուցիչ պաշտօնավարած էր Իզմիրի մէջ: Ան ականատեսը դարձած էր 1922ին Իզմիրի աղէտի դէպքերուն ու իր ապրածը նկարագրած էր իր ընտանիքին:
Օսմանեան Թուրքիոյ քրիստոնէական ժողովուրդներուն դէմ իրագործուած ջարդերուն, գաղթականներու ալիքին եւ Թեսաղոնիկէի ու Մակեդոնիոյ այլ նաւահանգիստներու մէջ եւս ապաստանած ժողովուրդի յիշողութիւններուն շուրջ ժապաւէն մը պիտի ցուցադրուի, փաստավաւերագրական հազուագիւտ տուեալներով:

http://www.azator.gr/azad-or/historical-articles/4812-l-r

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ