Սուրիոյ քիւրտերը որոշած են դաշնակցային պետութիւն ստեղծել

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը հինգշաբթի, նոյեմբեր 29ին կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը որոշած են միաւորուիլ ու դաշնակցային պետութիւն ստեղծել: Այդ նպատակով, նախապէս իրարու դէմ հակամարտող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Քրտական ազգային խորհուրդին միջեւ համաձայնագիր կնքուած է:
Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց յաջողութեան նպաստած է Իրաքի քիւրտերու ղեկավար Մեսուտ Պարզանին:
Երկու խմբաւորումները համաձայնած են ապահովական միացեալ սպասարկութիւն մը ստեղծել, զինուորական ուժերը միաւորել, Թուրքիոյ սահմանամերձ գօտիները հսկողութեան տակ պահելու նպատակով: Անոնք Դամասկոսէն կը պահանջեն քիւրտերուն ինքնավարութիւն տրամադրել:
Սակայն, նշեալ երկու խմբակները հակասական կեցուածքներ ունին Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինին նկատմամբ: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը այդ մարմինի գործունէութեան յստակօրէն դէմ կ՛արտայայտուի, մինչ Քրտական ազգային խորհուրդը տակաւին կը քննէ անոր հետ գործակցելու տարբերակը:

http://asbarez.com/arm/147920/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ