Մուրատ Փափազեան. «Ֆրանսահայերը կ՛ակնկալեն, որ Հոլանտ յարգէ իր խոստումը»

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆիլիփ Քալթենպախ եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի պատուիրակութիւնը ունեցած են բաւական ջերմ մթնոլորտով յատկանշուած հանդիպում մը։

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուած է, որ  անհրաժեշտ է շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը օրակարգի վրայ ներառելու նպատակով: Մուրատ Փափազեան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հանդիպումէն ետք, որ սկզբունքով պիտի կայանայ 12 Նոյեմբերին, Հոլանտ կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարէ: «Մենք լաւատես ենք այս իմաստով, որովհետեւ գիտենք, որ Հոլանտ պիտի յարգէ իր խոստումը», – յայտնած է ան:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆիլիփ Քալթենպախ շեշտած է, որ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը կ՛ուզէ օրէնքը ընդունուած տեսնել կարելի եղածին չափ շուտ՝ 2013-ի Ապրիլ 24-աէն առաջ: Ան դիտել տուած է, որ այս անգամ նախապէս մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել իրաւական եւ քաղաքական բոլոր պայմաններուն, որպէսզի օրինագիծին յաջողութիւնը երաշխաւորուած ըլլայ:

http://asbarez.com/arm/144906/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ