Հայաստանի Մեծամօր աթոմակայանի աշխատանքի շրջանը երկարելու որոշումը նեղսրտութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ

Այսօրուան «Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 18 հոկտեմբերին, զօրակցութեամբ Ամերիկայի, որոշեց Մեծամօրի աթոմակայանը բաց պահել 10 տարի եւս` մինչեւ 2023։ Թրքական շրջանակներ նեղսրտութիւն կ՚արտայայտեն այս որոշումին դէմ` յայտնելով, թէ Հայաստանի այս աթոմակայանը Թուրքիոյ սահմանէն 16 քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, հինցած է, շողարձակում դուրս կուտայ եւ մեծ վտանգ կը սպառնայ Թուրքիոյ։

Մեծամօրի աթոմակայանի աշխատանքի շրջանը երկարելու լուրը տուաւ Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան, որ յայտնեց, թէ Հայաստանի ելեկտրականութեան պահանջը դիմագրաւելու համար ուժանիւթի նոր կեդրոն մը հիմնելու աշխատանքը պիտի տեւէ նուազագոյն 10 տարի, ներկայիս կարելիութիւն չկայ այդ աշխատանքը տանելու, ուստի իրենք որոշած են երկարել Մեծամօրի աթոմակայանի աշխատանքի շրջանը։

«Հիւրրիյէթ» թերթը կը պնդէ, որ 1988-ին, Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի ընթացքին Մեծամօրի աթոմակայանը պայթումի վտանգ անցուց, որ իսկական աղէտի մը պատճառ պիտի դառնար։ Աթոմակայանի անձնակազմը լքեց աթոմակայանը եւ խոյս տուաւ։ Մէկ գիշերուան մէջ Սովետական Միութենէն այլ աթոմակայանի մը մէջ աշխատող անձնակազմ մը օդային ճամբով Հայաստան փոխադրուեցաւ, եւ այս կերպով մազապուրծ մեկուսացուեցաւ վտանգը։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Մեծամօր աթոմակայանը հիմնուած է Սովետական շրջանին` 1973-ին` տարածքին ելեկտրականութեան ուժանիւթ ապահովելու համար։ 1988-ի երկրաշարժին փակուած էր։ Մինչեւ 1991 փակ մնաց։ 7 Ապրիլ 1991-ին, երբ Հայաստան արդէն հռչակած էր իր անկախութիւնը եւ ելեկտրականութեան նեղութիւն ունէր, վերաբացաւ աթոմակայանը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ