1916 տարուան Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ մայրաքաղաքը` Պոլիս կը գտնուէի: Ամէն կողմ զինուրական եռուզեռ: Գիշերները ամբողջ քաղաքը խոր մթութեան մէջ թաղուած էր, կարծես թէ իր բնակչութենէն պարպուած ըլլար:
Պատրաստուած ենք Կալիցիոյ ճակատը մեկնելու համար եւ կը սպասենք վերջին հրամանի: Բայց մեր օգնութեան պէտք չտեսնուելով, հրաման ստացած ենք նորագոյն հրամանի մը սպասել…: Եւ գիշերները մինչեւ լոյս տենդագին աշխատանքի լծուած ենք, Թոփհանէ կոչուած արուարձանէն զինուորական եւ ռազմական կազմածներ եւ ամէն տեսակ զէնքի ռազմանւիթ փոխադրելով: Եւ օրերը կը սահին ու մենք մեզ սպասող անակնկալներու մտահոգութիւնը կ’ապրինք:
Վերջապէս ստացուած է ճակատագրական հրամանը. մեր 16-րդ զօրաբաժինին հաւաքավայր նշանակուած է Դամասկոսը, հետեւեալ յիշատակութեամբ-Իշթիմաա մեհալի` Շամը Շերիֆ: Այս նոր հրամանը մեր անջատ գումարտակի երեք հայ զինուորներուս մեծ մտահոգութիւն պատճառեց, քանի որ պիտի երթայինք Սուրիա, որուն անապատները հայ տարագիրներու դիակներով ծածկուած էին…: Կացութիւնը շուտով պայծառացաւ: Յայտնի եղաւ որ մեր զօրաբաժինը պիտի գործէր Եգիպտոսի վրայ յառաջացող «եըլտըրըմ» («կայծակ») կոչուած բանակի թիկունքին:
Եւ օր մ’ալ յանկարծ, գիշերուան մէջ ասիական Թուրքիոյ երկաթուղային կեդրոնէն` Հայտար փաշայի գլխավոր կայարանէն կը մեկնինք դէպի մեր նշանակուած հաւաքավայրը` Դամասկոս: Իբրեւ տասնապետ տրամադրութեանս տակ ունէի քանի մը զինուորներ, եւ մեզի հրամայուած էր զօրաբաժինի վերաբերեալ գոյքերուն վրայ հսկել: Մինչեւ Պոզանթի կը ճամփորդենք զօրաբաժինին հետ, բայց այդ քաղաքէն անդին կը սկսի մեր իրական գողգոթան. Փոխադրական անբավարար միջոցներ, որոշ կայարաններու մէջ օրերով սպասելու հարկադրանք, անօթութիւն եւ սպառիչ հոգնութիւն…
Եւ այսպէս կը հասնինք Արեանի կայարանը, անօթի-ծարաւ եւ յոգնասպառ վիճակի մէջ: Առաջին գործս կ’ըլլայ ուտելիք ճարել: Այդ շրջաններուն մէջ Քութ էլ-Ամարայէն` Զօր. Թաուզենտի գերի ինկած բազմաթիւ անգլիացի եւ հնդիկ զինուորներ կը գտնուէն: Կը փութամ անոնց մօտ, պատառ մը հաց գտնելու յոյսով. յուսախաբութի~ւն… այդ խեղճերը մեզմէ աւելի ողբալի կացութեան մը մատնուած էին: Մինչ այս մինչ այն, յաջորդ առաւօտ ճեղքելով Տաւրոսեան լեռներու մէջ բացուած փապուղին, կը հասնինք Ինթիլլիի կայարանը` Իսլահիէյի մօտ: Կայարանի երկաթագծին վրայ հակած աշխատաւոր մը կը նշմարեմ, երկաթագիծը կը սղոցէ. կը հետաքրքրուիմ, քովը կը փութամ, կը դիտեմ իր աշխատանքը: Բայց այդ աշխատաւորը ուշադիր նայուածքէս մտահոգուած, անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տայ եւ կը խոստովանի-փախչիլ-հեռանալ եւ խաւարին մէջ կորսուիլ: Սակայն եւ այնպէս կը պատահի որ մեր նայուածքները իրարու հանդիպին.
-Ի~նչ զարմանք, դու’ն Գորգաղաճցի Գրիգորին տղան չե՞ս:
-Այո’, նոյնինքն:
Եւ կ’ողջագուրուինք քաղաքացիիս` Մարկոս Մկրտիչ Մարկոսոֆի հետ: Պատերազմի ընթացքին գերմանները կը շարունակէին շինութիւնը Հայտար փշա-Պաղտատ երկաթուղագծին եւ այդ շրջաններուն մէջ գերման մասնագէտներ կը գործէին եւ կը հսկէին կատարուած աշխատանքներուն վրայ, վայելելով բացառիկ իրաւունքներ եւ առանձնաշնորհումներ: Այսպէս, կրնային իրենց մօտ ուզած մարդիկնին աշխատցնել, զանոնք փրկելով զինուորական գործօն ծառայութենէ եւ կամ անապատները տարագրելու ողբալի վիճակէն: Եւ Մարկոսոֆ բարեկամս, որ քաջ յունագէտ էր, իր յոյն մէկ բարեկամին միջոցաւ որպես յոյն ներկայացուելով տեղւոյն գերման արհեստանոցին, իբր քաջ մեքենագէտ, ծառայութեան կոչուած էր, եւ փոխանակ Տէր Զորի մեծ սպանդանոցը ղրկուելու, վար դրուած էր գերման աշխատանոցին մէջ, վայելելով նաեւ ուտելիքի որոշ դիւրութիւններ:
Զիրար գտնելով անսահման ուրախութեամբ համակուած էինք: Բայց ես անօթութենէ կը տառապէի… Հայրենակիցս կռահած էր դրութեանս անտանելիութիւնը, եւ իր առաջին հարցումը եղաւ թէ ինչո՞վ կրնար օգտակար ըլլալ ինծի:
-Երեք օրէ ի վեր անօթի եմ… եղաւ պատասխանս:
Հայրենակիցս յայտնեց, թէ ինք իբր գերմաններու մօտ ծառայող, իրաւունք ունէր օրական ճաշ եւ թէյ ստանալու եւ յայտնեց թէ այդ օրուան իր սնունդի բաժինը ուրախութեամբ ինծի պիտի յատկացնէր:
Ճաշի ընթացքին, հայրենակիցս գրեթէ անլսելիօրէն ըսաւ.
-Կ’ուզեմ քեզի ցոյց տալ սա դիմացի լերան եւ ձորին մէջի աղեկտուր տեսարանը:
Եւ հազիւ ճաշս աւարտած, զիս մեծ զգուշութեամբ առաջնորդեց… մացառներու մէջէն մագլցեցանք եւ հասանք բարձունք մը… եւ առջեւնիս պարզուեցաւ զարհուրելի~ տեսարան մը…
ՏԱՍԸ ՀԱԶԱՐԻ հասնող հայութեան եղերաբախտ բեկորներ, գրեթէ ամբողջութեամբ կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ, ամենաթշուառ վիճակի մէջ… Մեծերը քար կը կոտրեն, նոր շինուելիք երկաթուղիին գիծերուն ամրացման համար. 8-10 տարեկան մանուկները, ձեռքերնին մէկմէկ զամբիւղ, կոտրուած քարերով բեռնաւոր, կը փութան դէպի որոշ կեդրոն մը ու հոն կը պարպեն իրենց շատ ծանր բեռը…
Յօգնած եւ սպառած, այս թշուառները կը գիշերեն բացօթեայ. սնունդ չկայ. մաքրութիւն` բացարձակապէս: Եւ խի~ստ հսկողութիւն, դաժան ոստիկաններու կողմէ, որոնց իւրաքանչիւրը ոճրագործի տիպ ունի եւ զինուած է խարազանով եւ գաւազանով…
Մահացողներուն հաշիւը չկայ, կ’ըսէ բարեկամս. եւ դիակները կը նետուին մասնավոր վայր մը, որուն վրայ տեւականօրէն կը սաւառնին անգղեր, իսկ գիշերներն ալ` կու գան բորենիներ… Եւ անըմբռնելի դաժանութեամբ, այդ հրէշ պահակները գանկերու եւ ոսկերոտիքի բուրգեր կազմած, կը ցուցադրեն որպէս իրենց ապացոյց սուլթանական բարբարոս կառավարութեան…:
Իրաւ է թէ Պոլսէն մեկնելէս ի վեր ականատես եղած էի բազմատեսակ վայրագութեանց, բայց այս մէկը ամենաահաւորն ու ամենազարհուրելին էր ապահովապէս: Բաժնուեցայ ընկերոջմէս այս սարսափազդու տեսարանին սարսռալի տպաւորութեանը տակ, եւ ընկերներուս հետ, շարունակեցինք մեր ճանապարհը մինչեւ Իսլահիէ, ուր խռնուած գտանք գաղթականներու հսկայ զանգուած մը, ամենաողբալի պայմաններու մէջ: Իսլահիէէն յետոյ կը հասնինք Հալէպ, ուր կայարանը 15 օր մնալու կը հարկադրուինք: Գրեթէ ամէն օր, բազմաթիւ ազգակիցներ զիս կը փնտռեն, կը գտնեն, կը շրջապատեն, իրենց զինուոր ազգականներուն մասին տեղեկութիւն քաղելու յոյսով:
Մխիթարական ի՞նչ կրնայի ըսել այդ խեղճերուն, երբ ամէն կողմ մահը կը սաւառնէր եւ անդադար հայ կեանքեր կը հնձէր…
Հալէպի մէջ, թարսուսցի հայ պատուելիի մը հրաւէրին պատասխանելով, այցելեցի կտաւագործական արհեստանոց մը, որուն բոլոր գործաւորուհիները գաղթական եւ այրիացած կիներ էին, որոնց ամուսինները սպաննուած էին… ու հիմա, կ’աշխատէին պատառ մը չոր հացի համար, որպէսզի իրենց սիրելիները կոտորող վայրենիները հագուէին, պատսպարուէին…
Եւ սակայն, հակառակ այն լեռնակուտակ տառապանքին, ահաւորագոյն զրկանքներուն եւ զարհուրելի թշուառութեան, այդ խլեակները ամուր կառչած էին իրենց աշխատանքին, ապրելու’, վերապրելու’ հզօր հաւատքով զինուած, վասնզի կը հաւատային թէ Լուսաւորչի կանթեղի լոյսը տակաւ կը պլպլար Արագածի սէգ կատարին, եւ թէ հայութեան փրկութեան արշալոյսը պիտի ծագէր ապահովաբար…:
«1915-1965 Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի», Պէյրութ, 1987, էջ 623-624
Akunq.net
Leave a Reply