Բրիտանացի յօդուածագիր մը, լուսանկար մը, եւ թրքական իրարանցում

Ֆիսքի գիւտը

Անգլիական «Տի Ինտեփենտընթ» թերթի յայտնի լրագրողներէն Միջին Արեւելքի նիւթերու լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք կիրակի, 21 հոկտեմբերին լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ հրատարակեց նկար մը, որ կը ներկայացուի որպէս փաստ այն մասին, թէ գերմաններ կապ ունեցած են 1915-ին հայերու դէմ գործադրուած սպանդին հետ: Ֆիսք կը յայտնէ, թէ նկարը լուսանկարուած է 1915-ի ամրան, անոր մէջ կ՛երեւին երեք թուրք սպաներ, գերման բանակէն երկու զինուորներու հետ դէպի Կարին ճամբուն վրայ, ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու գլխատուած գանկերուն առջեւ:

Ֆիսք կը գրէ, որ լուսանկարը յայտնաբերած է Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանը, որուն տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը նաեւ յայտնեց, թէ այս նկարը առնուած է Երզնկայի մէջ: Ֆիսք, որ իր յօդուածը խորագրած է «Լուսանկար մը գերմանացիները կը կապէ 1915-ին հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան», կը նշէ, որ գերմաններ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին մարդկութեան դէմ գործադրուած յանցանքներէն զերծ կացուցուեցան, մինչդեռ անոնք մեղսակցած էին թուրքերու հետ:

Ֆիսք հրատարակելով նկարը` յայտնեց, որ գանկերու ետին կանգնած գերման զինուորներու ինքնութիւնը հաւանաբար երբեք յայտնի պիտի չդառնայ:

Լրագրողը բացատրեց, որ լուսանկարը մէկն է Երզնկայի եւ սուրիական Ռաքքա շրջանին մէջ նկարուած ու նոր գտնուած նկարներու շարքէ մը:

Ֆիսք ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին գործող գերմանացի դիւանագէտներու, զինուորականներու եւ այլ անհատներու գործուող բարբարոսութեանց դէմ բողոքները: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Բ. Աշխարհամարտին երեխաներու Ողջակիզման գլխաւոր պատասխանատուներէն ոմանք 1914-1916 տարիներուն Փոքր Ասիոյ մէջ ծառայած զինուորականներ էին:

Թրքական իրարանցում

Ֆիսքի յօդուածը թուրք պատմագէտներու մօտ տեղի տուաւ բուռն հակազդեցութիւններու, գրեց պոլսահայ մեր պաշտօնակից «Մարմարա»-ն: Թերթը հաղորդեց, որ փրոֆ. տոքթ. Եուսուֆ Հալաճօղլու պնդեց, որ հրատարակուած նկարը իրականութիւնը չի ցոլացներ: Եթէ կը պնդուի, որ նկարը առնուած է 1915-ին, ուրեմն գլխատուած գլուխները պէտք չէ որ այդքան ճաղատ ըլլան: Ասոնք հաւանաբար շատ հին ժամանակներէ կու գան:

Պատմաբան Այշէ Հիւր յայտնեց, թէ այս նկարը շատ հին թուականներու լուսանկարուած է եւ տեղ գրաւած` գիրքերու մէջ: Միւս կողմէ, միակ պատկերէ մը դատելով պէտք չէ յայտարարել, որ գերմաններ մասնակցած են Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերուն:

Փրոֆ. տոքթ. Իպրահիմ Էթհեմ Աթնուրն ալ յայտնեց, որ հայեր նախապէս ալ պնդած են, որ գերմաններ թուրքերու հետ գործակցած են ցեղասպանութեան դէպքերու մէջ: Նոյնիսկ Լեփսիուս այս պնդումներուն հիման վրայ հրատարակած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներէն փաստաթուղթեր: «Մենք պատմական հետազօտութիւններու հիման վրայ ստուգեցինք, որ պետութիւնը այդպիսի յանցանք մը չէ գործած», ըսաւ ան:

Փրոֆ. տոքթ. Սելամի Գըլըճ եւս անդրադարձաւ այս նիւթին եւ յայտնեց, որ այդ օրերու պատերազմական կացութեան մէջ երկուստեք յանցանքներ գործուած են: Նոյնիսկ օսմանցիներու հետ գերմաններն ալ յանցանքներու մեղսակից եղած են, բայց հետեւողական կերպով եւ կանխածրագրեալ ցեղասպանութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ:

Գերմանիա եւս պէտք է ճանչնայ
Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ
իր պատասխանատուութիւնը»,
կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պունտեսթաքի մէջ
«
Ձախ» խմբակցութեան ղեկավարը

«Նիուզ.Էյ.Էմ.» կը ներկայացնէ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական օգնութեան յանձնաժողովին մէջ «Ձախ» (Die Linke) կուսակցութեան խումբի ղեկավար Աննեթ Կրոթի մեկնաբանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մասին: «Նիուզ.Էյ.Էմ.» թղթակիցին  հետ զրոյցին գերմանացի երեսփոխանը կը մանրամասնէ.

«Գերմանիոյ «Ձախ» խորհրդարանական խմբակցութիւնը արդէն բաւական երկար տարիներ է, որ  սուր կերպով կը քննադատէ Թուրքիոյ կառավարութեան քաղաքականութիւնը: «Ձախ» խմբակցութիւնը ամէն կերպ կը ջանայ նպաստել թրքական քաղաքականութեան ժողովրդավարացման ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցումին: Խմբակցութիւնը կը քննադատէ թրքական կառավարութեան  որդեգրած վերաբերմունքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Միայն այն պարագային, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ներողութիւն խնդրէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման համար, այն ատեն կրնայ հայ ժողովրդին բաժին հասնիլ արդարութիւնը: Առանց արդարութեան` դժուար կ՛ըլլայ հաշտեցումը երկու երկիրներուն:

«Ձախ» խմբակցութեան համար կարեւոր է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը եւս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Գերմանական կայսրութեան (Գերմանական ռայխի) պատասխանատուութիւնը: «Մենք կը կարծենք, որ Գերմանիան պէտք է հաշտութեան լաւ  օրինակ ծառայէ եւ բացէիբաց ներողութիւն խնդրէ այն ժամանակուան Գերմանական կայսրութեան կառավարական «չինովնիկ»-ներու ու սպաներու  կողմէ Ցեղասպանութեան աջակցութեան եւ գիտակցաբար թուլտուութեան համար» կ՛ըսէ Կրոթ: «Մենք այն համոզումը ունինք,  որ թրքական հասարակութեան մէջ պատմութեան քննադատաբար վերանայումը կարեւոր նախադրեալ է, որպէսզի այսօրուան  Թուրքիոյ մէջ  հնարաւոր ըլլայ  այլ քաղաքականութիւն վարել փոքրամասնութիւններու  հարցին մէջ: Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ այսօր Թուրքիոյ քրտաբնակ տարածքներուն մէջ: Օր օրի կ՛ոտնահարուին  մարդու իրաւունքները քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Ես այն կարծիքին եմ, որ ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է խիստ քննադատաբար մօտենան այս հարցին:

Մենք կը սպասենք, որ եւրոպական բոլոր երկիրները իրենց գաղութային պատմութեան եւ անկէ հետեւող պատասխանատուութեամբ զբաղին: Եւրոմիութեան գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունի ինքնասահմանափակում, որ թոյլ պիտի չտայ վերանայիլ Եւրոպայի գաղութային պատմութիւնն ու ներողութիւն խնդրել, ուղղել սխալները` այդ պատմութեան դէմ յանդիման կանգնածներու ու անոնց ժառանգներուն հանդէպ:

Ինչպէս մենք Թուրքիայէն կը սպասենք, որ ան կանգնի իր պատմութեան առջեւ, այնպէս ալ մենք Գերմանիոյ մէջ հանդէս կու գանք` ըսելով, որ Գերմանիան քննադատաբար պէտք է վերանայի իր պատմութիւնը: Մենք համոզուած ենք, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այն հիմնական կարեւոր պայմանն է, որ պիտի նպաստէ ժողովրդավարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պատմութենէն դասեր սերտելուն»:

ԲայցԳերմանիա արդէն

Եզրափակելու համար յիշեցնենք, որ 15 յունիս 2005-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը արդէն որդեգրած էր բանաձեւ մը, ուր գործնապէս կը ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն կը խնդրէր անոր մէջ Գերմանիոյ պատասխանատուութեան համար:

Բանաձեւը կ՛ըսէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը` «կը յարգէ եւ կ՛ոգեկոչէ յիշատակը հայ ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ անոր ընթացքին զոհ գացին վայրագութեան, սպանութեան եւ տեղահանութեան»:

Բանաձեւը կ՛աւելցնէ. «Գերմանիոյ խորհրդարանը կը ցաւի Օսմանեան կայսրութեան կառավարութեան արարքներուն համար, որոնք պատճառ դարձան Անատոլուի մէջ հայերու գրեթէ ամբողջական բնաջնջումին», նաեւ ցաւ յայտնելով` «Գերմանական պետութեան անպատուաբեր եւ ամօթալի դերակատարութեան համար»:

Ըստ երեւոյթին, այս բանաձեւէն տեղեակ չեն Ֆիսքն ու անոր յայտնաբերումներուն ու մեկնաբանութիւններուն հակազդողներէն շատեր:

http://www.aztagdaily.com/archives/91600

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ