Հարցազրոյց պատմաբան Ժիրայր Քոչարեանի հետ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Բեռլին, Գերմանիա

Վերջին շրջանին, բաւական կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կունենան միացեալ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Բեռլինի մէջ, որոնք կը վերաբերին Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Կարո՞ղ էք ներկայացնել զանոնք:

– Կը ցանկանայի քանի մը խօսք ըսել այսպէս կոչուած հայ-թուրք երկխօսութեան մասին, որ շատ կը հետաքրքրէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը շուտով կը մօտենայ, եւ իրենք բնաւ նպատակ չունին 2015-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալու, դատապարտելու, կը փորձեն հայ-թուրք մակերեսային երկխօսութիւններ կազմակերպել: Այդ տեղի կունենայ յայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ, ինչպիսիք են «Նաուման» հաստատութիւնը, «Օյրօ» ակադեմիան, «Անատոլու Քիւլթիւր» (դժբախտաբար Հայաստանի մէջ այդ խայծը կուլ տուած են եւ կու գան մասնակցելու այդ միջոցառումներուն…): Այս բոլորը ֆինանսաւորողը արտաքին գործոց նախարարութիւնն է, եւ պարզ է անոնց նպատակը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան նահանգներէն եկող լուրերը պէտք է գային Պոլիս, ուր անոնք կը զտուէին, գրաքննութիւն կար: Յետոյ, երիտթուրք ոճրագործները փախցուցին Բեռլին եւ թոյլ չտուին որ յանձնուէին Թուրքիոյ դատարաններուն, ուր դատապարտուած էին այդ ժամանակ, հեռակայ կարգով: Հիմա, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ֆինանսաւորէ այս եւ նման միջոցառումները: Այնպէս որ, հարկաւոր է նամակներ յղել բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, որ հրաժարին այսպիսի ծրագրուած խորհրդաժողովներու մասնակցելէ…

Միաժամանակ, անձամբ երկու ծրագրի վրայ կաշխատիմ այսօր: 1915 թուին ձերբակալուած եւ աքսորուած ու ճանապարհին սպաննուած 15 գրողներու նիւթերը կը հաւաքեմ, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին տպագրելու համարէ` գերմաներէն լեզուով: Կը պատրաստեմ հայ ազգաբնակչութեան աթլասը, 1978 թուի Բեռլինի վեհաժողովէն մինչեւ այսօր: ԹԷ ի՞նչ պատահեցաւ, որ այսօր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածքներուն վրայ է որ հայեր կապրին: Այդ 15 քարտէզները համապատասխան բացատրութիւններով կուզեմ հրատարակել մինչեւ 2015 թուականը: Միւս կողմէ, մի քանի շաբաթ առաջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ, բողոքի նամակներ յղուեցաւ եւրոպական յանձնաժողովներու` բողոքելով ազերի ոճրագործ սպայ Սաֆարովի ազատ արձակման հարցով: Գերմանիոյ մէջ շատ ընելիքներ կան: Թուրքերը շատ կազմակերպուած են հոս եւ հակահայկական քարոզչութիւն կը տանին պետական մակարդակով: Թրքական դեսպանատան մէջ կաշխատին յատուկ պաշտօնեաներ այդ ուղղութեամբ…

Միւս կողմէ, Հումպոլտի համալսարանի փողոցին վրայ յուշատախտակ տեղադրուեցաւ Կոմիտասի յիշատակին, ուր ան փիլիսոփայութիւն ուսանած էր: Ողջունելի քայլ էր, սակայն նոյն համալսարանին մէջ ազրպէյճանագիտութեան, լեզուի ու մշակոյթի ամբիոն հիմնած են ազերիները: Նկատի առնելով, որ Բեռլինի «Ֆրայ» համալսարանը միանգամընդմիշտ փակեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամբիոնը` զայն փոխադրելով Հալէպի համալսարան, մտահոգիչ վիճակ ստեղծուած է նաեւ այս առումով: Այսինքնՙ ազրբէյջանցիները կը տեղաւորուին մայրաքաղաքին մէջ, իսկ հայերը… այժմ հրոյ ճարակ դարձած Հալէպի մէջ…

Ասիկա «հայկական» ձեւի քաղաքականութիւն տանիլ է: Մանաւանդ որ այս քաղաքին մէջ (Բեռլին) 300-350,000 թուրք կայ: Մեր Հայաստանի հայկական հատուածը թուրքին ինչ ըլլալը լաւ չի պատկերացներ, որ նենգ ու խորամանկ ոճրագործ մըն է ան: Մանաւանդ այն թուրքերը, որոնք այստեղ ծնած են, անոնք թրքական կառավարութեան երկարացուած ձեռքերն են…

Փառք Տիրոջ, այստեղ ունինք մի քանի գերմանացի բարեկամներ, Ցեղասպանութեան ճանաչման խմբակ` Թեսա Հոֆմանի գլխաւորութեամբ, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին: Եթէ դրամական օգնութիւն ըլլայ, որքան կարեւոր է Գրիգոր Պալաքեանի «Հայ Գողգոթան» թարգմանուի գերմաներէնի… կամ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Իմ յիշողութիւնները», որոնք մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգեն գերմանական նոր սերունդին վրայ, որ քննադատաբար կը վերաբերի իր պատմութեան հանդէպ: Տեղացի ժողովուրդին չենք փորձած ծանօթացնել մեր իրողութիւններուն հետ: Այս օրերուն, Թեսա Հոֆման պիտի ներկայացնէ Պոնտոսի եւ Թրակիոյ յոյն ժողովուրդին հանդէպ գործուած Ցեղասպանութիւնը: Թող աշխարհը իմանայ, որ թուրքը ցեղասպանութիւններու շարք գործադրող ոճրագործն է: Պէտք է Պարսկաստանին եւ Ռուսաստանին հասկցնել, թէ ան կը շարունակէ իր պան-թուրքիզմի քաղաքականութիւնը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին Բեռլին փախած թուրք ցեղասպան-ոճրագործներ Ջեմալ Ազմին, Բեհաէդդին Շաքիրը, Թալաաթ փաշան շանսատակ եղած էին հայ վրիժառուներու ձեռքով: 1940 թուին Թալաաթի աճիւնը Թուրքիա տեղափոխուեցաւ մե՜ծ շուքով…: Իսկ այստեղի թուրքերը, վերջերս մեծ գումար հաւաքելով, մնացեալ երկու ոճրագործներուն գերեզմանները պատեցին թանկարժէք մարմարով, կողքին կառուցելով շքեղ մզկիթ մը, զոր կոչեցին «Նահատակներու» անունով: Մենք բողոքի նամակ յղեցինք այդ շրջանի թաղապետին, բողոքելով ոճրագործներու պաշտամունքի դէմ, բայց մինչեւ այսօր պատասխան չստացանք: Ինչպէ՞ս կըլլար եթէ նացիզմի ռազմական ոճրապետեր Հիթլերն ու Հիմլերը, անհատի պաշտամունքի առարկայ դառնային այսօր` Գերմանիոյ մէջ: Բեռլինը մօտէն կապուած է հայոց պատմութեան տխուր էջերուն հետ:

http://www.azg.am/AM/2012102019

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ