Սղերդի Էրուհ գաւառակի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցիի հողամասին վրայ դպրոց կառուցանել կ՚ուզեն

Անատոլուի զանազան վայրերուն մէջ հինէն մնացած Հայկական եկեղեցիները հետզհետէ օրակարգի նիւթ դառնալ սկսած են, եւ յայտնի է, որ կամաց կամաց կը ստեղծուի այդ հնութիւնները պահել-պահպանելու տրամադրութիւն մը, որ նախապէս չկար կամ թաքուն կը պահուէր։ Ընդհանուր տպաւորութիւնն այն էր որ պետութիւն ու ժողովուրդ ձեռք ձեռքի տուած էին, որպէսզի բոլորովին մէջտեղէն վերցուէին բոլոր այն մնացորդները, որոնք կը վկայէին հին հայկական եկեղեցիներու կամ վանքերու գոյութեան։ Հիմա բան մը փոխուած է։ Եւ իրաւունք ունինք մտածելու, որ այս փոփոխութեան առաջին քայլը եկաւ Աղթամարի եկեղեցին վերանորոգելու ու տարին անգամ մը գոնէ պաշտամունքի ալ բանալու որոշումով։

Այսօրուան լուրը կը վերաբերի Սղերդի (Սիիրթ) Էրուհ գաւառակի կեդրոնական Տըհ թաղամասի այն հողամասին, ուր կը պնդուի, թէ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կար կամ կայ։ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի անունով հիմնուած հիմնարկը այժմ կ՚ուզէ գնել այս հողամասը ու հոն դպրոց մը կառուցանել։ Հիմնարկը առ ոչինչ կը համարէ հոն հայկական հին եկեղեցիի մը գոյութիւն ունեցած ըլլալը ու այդ հնութեան ներկայացուցած պատմական կարեւորութիւնը։ Հիմնարկը Մշակութային նախարարութենէ ապահովեր է փաստաթուղթ այն մասին, թէ հոն եկեղեցիի մը արձանագրութիւնը գոյութիւն չունի։ Այս փաստաթուղթի վրայ հիմնուելով` հիմնարկը կ՚ուզէ արդարացնել դպրոցի շինութիւնը, հակառակ որ տեղւոյն վրայ ամէն մարդ գիտէ, որ հոն եկեղեցի մը կար, որուն կարգ մը մասերը դեռ կը մնան հողին վրայ, իսկ հողին տակ դեռ կը մնան եկեղեցւոյ սենեակներն ու պատերը։

Ժողովուրդը եւ Պէ-Տէ-Փէցի քաղաքապետական քննիչները առարկած են դպրոցի շինութեան որոշումին դէմ, բայց երկու Ա-Գէ-Փէցի երեսփոխաններ ու թաղամասի գիւղապետը ամէն ճիգ կը վատնեն, որպէսզի եկեղեցիին մնացեալ մասն ալ փլցուի, ու անոր տեղ դպրոցը կառուցուի։ Քաղաքապետութեան պաշտօնական արձանագրութեան համաձայն` այդ հողամասը հիմա «կանանչ դաշտ» է։ Մինչդեռ ամէն մարդ գիտէ, որ հոն եկեղեցի մը կար ու ամէն տարի` 10 ապրիլին, մոմեր կը վառուէին, ու արարողութիւն կը կատարուէր հոն։ Հիմնարկը եւ Ննահանգապետը անտես կ՚առնեն այդ տուեալները ու կը պաշտպանեն դպրոց կառուցանելու որոշումը։

Ուրիշներ կը պնդեն, որ այդ հողամասը պէտք է պատմական հնութիւն նկատուի եւ պեղումներով եկեղեցին մէջտեղ հանուի։ Անոնք պիտի յաջողի՞ն արգելք հանդիսանալ, թէ ոչ Հիմնարկն ու նահանգապետը պիտի իրականացնեն իրենց ծրագիրրը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ