Թուրքիոյ մէջ խտրականութիւն բնաւ չկա՞յ

«Անցեալները Թաքսիմի հրապարակին վրայ հայերը նախատող որմնազդներ կախուեցան, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ»

«Րատիքալ»-ի մէջ Թարըք Ըշըք «Այս երկրին մէջ խտրականութիւն, ատելութիւն բնաւ չկա՞յ» խորագրին ներքեւ արձագանգ կը հանդիսանայ Խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու քննիչ յանձնախումբի նախագահ Ա-Գէ-Փէցի Այհան Սէֆէր Իւսթիւնի յայտարարութիւններուն։ Այհան Իւսթիւն զարմանք յայտնած է, որ դատական համակարգէ ներս խտրականութեան կապուած որեւէ թղթածրար չկայ։ «Այս երկրին մէջ խտրականութիւն կամ խտրականութենէ ծնունդ առնող ատելութեան յանցագործութիւն բնաւ չկա՞յ» հարցուց Իւսթիւն։ Ան դիտել տուաւ, որ եթէ այժմու օրէնսդրութիւնը այս նիւթի համար բաւարար չէ, պէտք է պատրաստել նոր օրէնք մը եւ կարմիր մատիտով ալ ընդգծել զայն։ Իւսթիւն ըսաւ, որ ատելութեան բոլոր յանցագործութիւնները իրենց մէջ կը բովանդակեն նաեւ խտրականութեան ոգի։ Դատախազները եւ դատաւորները այս նիւթին մէջ կը դժուարանան վճիռներ արձակելու։

«Ոեւէ անձ, որ կը խորհի, թէ խտրականութեան ենթարկուած է, անմիջապէս մամլոյ ասուլիս մը կը սարքէ ու կը գանգատի, բայց նոյն անձը բնաւ չի դիմեր դատարան, որ հոն ճիշդ իր դիմացը կը գտնուի։ Դատարաններու մէջ գրեթէ բնաւ չկայ խտրականութենէ գանգատող թղթածրար։ Մինչդեռ այս երկրին մէջ խտրականութիւն չկա՞յ։ Իրականութեան մէջ ամէն մարզէ ներս ու ամէնուն նկատմամբ խտրականոիւթիւն կայ։ Եթէ կ՚ուզենք, որ վերջ տրուի խտրականութեան, թէ որպէս ընկերութիւն պէտք է պախարակենք այդ խտրականութիւնը, թէ պէտք է պատժենք», –  ըսաւ Իւսթիւն։ Այս լուրին այլապէս հետաքրքրական կողմն այն է, որ Իւսթիւն իր ըսածները փաստելու համար իբր օրինակ նշեց այն որմնազդները, որոնք Հայերու դէմ ատելութիւն կը յայտնէին ու մեծահասակ կախուած էին Թաքսիմի հրապարակին վրայ կամ ուրիշ տեղեր եւս` Խոճալուի պատահարներու առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքի առիթով։

«Օրինակ` հանրահաւաքի մը առիթով Հայերը նախատող որմնազդներ կախուեցան Թաքսիմի հրապարակին վրայ, ի՞նչ եղաւ, եթէ ասիկա ատելութեան դրսեւորում չէ, ուրիշ ո՞ր բանը ատելութեան դրսեւորում պիտի նկատուի» -, ըսաւ Իւսթիւն։

Իւսթիւն իր մարդասիրական խօսքերը շարունակելով` դիտել տուաւ, որ մարդիկ ատելութիւն դրսեւորած կ՚ըլլան, երբ սա կամ նա մարդը թիրախ կը դարձնեն անոր նախընտրութիւններուն պատճառաւ։ Դուն մարդոց հագուստ կապուստը կամ մտածումները կրնաս չսիրել, բայց այդ զգացումը չես կրնար վերածել ատելութեան դրսեւորումի։ Չես կրնար մարդիկը ատել ու ընկերութենէն արտաքսել։ 

Թուրքիոյ պատժական օրէնքի 122-րդ յօդուածը շատ յստակ է։ Մարդոց ցեղին, լեզուին, գոյնին, կրօնքին, քաղաքական մտածումին կամ նմանօրինակ ազդակներու պատճառաւ անոնց միջեւ խտրականութիւն չես կրնար ընել, անոնց պաշտօնի մը առնուելուն արգելք չես կրնար հանդիսանալ, անոնց առեւտուրին արգելք չես կրնար հանդիսանալ։ Այսպիսի խտրականութիւններ յանցագործութիւն կը նկատուին ու վեց ամիսէն մինչեւ մէկ տարի բանտարկութեան պատիժ կրնան ստանալ։

One response to “Թուրքիոյ մէջ խտրականութիւն բնաւ չկա՞յ”

  1. Bedros Zerdelian

    You are absolutely right. There are discrimination against minorities in Turkey.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ