Ցեղասպանութեան հարցը կը քննուի «European Journal of International Law»ի մէջ

Իրաւաբանական շրջանակներու մէջ հեղինակաւոր «European Journal of International Law» ամսագիրի նորագոյն թիւին մէջ հրապարակուած է «Պետական ինքնութիւնը, շարունակականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը. Օսմանեան կայսրութիւնը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով յօդուած մը, որուն հեղինակն է Շուէտի «Լանտ» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դոկտորականի թեկնածու եւ Շուէտի Հայկական համախմբումի ղեկավար Վահագն Աւետեան:

Յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Ուսումնասիրելով Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր իրաւայաջորդ թրքական հանրապետութեան միջեւ շարունակականութիւնը՝ այս յօդուածին նպատակն է անդրադառնալ թրքական պետութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման կարեւորագոյն պատճառին, որն է պետական պատասխանատուութիւն կրելու հարցը: Թուրքիոյ մէջ հոգեբանական արգելք գոյութիւն ունի: Այդ արգելքը, որ ձեւաւորուած է պետական պատասխանատուութեան խնդիրին պատճառով, թրքական պետութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հիմնական խոչընդոտն է»:

Յօդուածի նպատակն է վեր հանել գոյութիւն ունեցող միջազգային իրաւունքի այն սկզբունքները, որոնք կիրառելի են թրքական երկու պետութիւններուն՝ ներկայի եւ Օսմանեան Թուրքիոյ՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն գործած անօրէն գործողութիւններուն նկատմամբ: Քանի որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը կրէ Օսմանեան կայսրութեան ինքնութիւնը, ուստի, յօդուածագիրին գնահատումով՝ այդ երկիրը պարզապէս շարունակած է իրեն նախորդած պետութեան անօրինական գործողութիւնները:

«Թուրքիոյ Հանրապետութեան ձեւաւորումէն ի վեր պատասխանատուութիւն կրելու հարցը ձեւաւորած է ուրացման քաղաքականութիւն, որով Թուրքիա կը շարունակէ իր ճամբան մինչեւ այսօր», – եզրափակած է Աւետեան:

http://asbarez.com/arm/143753/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ