Տէմիրթաշ Եւ Քըշանաք դարձեալ համանախագահ ընտրուեցան
Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան տեսանկիւնէն շաբաթավերջի ամէնէն կարեւոր զարգացումն էր Պէ-Տէ-Փէ կուսակցութեան 2-րդ արտակարգ համաժողովը, որու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ կուսակցութեան նոր վարչութիւնը։ Կուսակցութեան համանախագահներ ընտրուեցան դարձեալ Սէլահատտին Տէմիրթաշ եւ Կիւլթան Քըշանաք, ինչ կը նշանակէ, որ այս կուսակցութիւնը նոյն գաղափարախօսութեամբ ու նոյն պահանջներով պիտի շարունակէ քաղաքական իր գործունէութիւնը։ Երկու համանախագահներն ալ իրենց ճառախօսութեանց մէջ առաջին կարգի վրայ հնչեցուցին Էօճալանի անունը։ Համագումարի սրահին մէջ մեծահասակ կախուած էր արդէն նաեւ Էօճալանին դիմանկարը։
Կիւլթան Քըշանաք, որուն ելոյթներն ալ միշտ կ՚ընդգրկեն զգայացունց կէտեր, իր ճառախօսութեան մէջ խօսքը ուղղեց այն Քիւրտ երեսփոխաններուն, որոնք տեղ գրաւած են Ա-Գէ-Փէի շարքերէն ներս եւ հարցուց, թէ անոնք ինչպէ՞ս կրցան հանդուրժել վարչապետ Էրտողանի կողմէ կատարուած նախատինքներուն, ձայն չհանեցին, ասիկա ստրկութիւն չէ՞, մինչդեռ հիմա քիւրտ ժողովուրդին հետ գիրկընդխառնուելու ժամանակն է, ազգային միասնականութիւնը պահպանելու ժամանակն է։ Ասկէ վերջ պատմութեան ու ժողովուրդներուն առջեւ մենք պատասխանատու պիտի ըլլանք ոչ թէ միայն մեր ըրածներէն, այլ նաեւ մեր չըրածներէն, ըսաւ ան։
Իսկ համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ ըսաւ, որ Թուրքիոյ այժմու ամէնէն սրտակեղեք խնդիրը Քրտական խնդիրն է։ Ան իր խօսքերուն մէջ յիշեց քիւրտ մտաւորականներու եւ առաջնորդներու անունները, ինչպէս Սաիտի Քիւրտի։ Տէմիրթաշ քրտական հարցը կապեց երեք գլուխներու` հաւասարութիւն, արդարութիւն, եւ հաշտութիւն։ Գալով պատերազմի խնդրին, որ օրակարգի վրայ է ներկայիս, այս մասին Էօճալանն ու Քէ-Ճէ-Քէի լիազօրներն են, որ խօսակից պէտք է ըլլան։
Տէմիրթաշի ճառախօսութեան մէջ ամենակարեւոր մասն էր ինքնավարութեան ծրագրի մասին անոր ըսածները։ Տէմիրթաշ ըսաւ, որ իրենք կ՚առաջարկեն Թուրքիոյ մէջ հիմնել 12-20 տարածքաշրջաններէ բաղկացեալ ինքնավար մարզեր։ Ասիկա էթնիք հիմք պիտի չունենայ։ Մարզերու խորհրդարանները բաց պիտի ըլլան Թուրքիոյ բոլոր կուսակցութիւններուն։ Փափաքողները պաշտօնական լեզուին քով երկրորդ պաշտօնական լեզու մըն ալ կրնան գործածել։
Այնուհետեւ Տէմիրթաշ խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ մէջ կիրարկուող այն քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է մէկ ազգ, մէկ լեզու սկզբունքին վրայ։ Քիւրտերուն այսպիսի քաղաքականութիւն մը պարտադրելը անիրաւութիւն է, իսլամին ալ դէմ է, ըսաւ ան։
Եւ Տէմիրթաշ խօսքը անխուսափելիօրէն բերաւ Տիյարպաքըրի ապահովութեան տնօրէն Րէճէպ Կիւվէնի վերջերս բանավէճի նիւթ դարձած ելոյթին, ուր ան ըսած էր, որ պէտք է լանք նաեւ սպաննուած ահաբեկիչին համար, Տէմիրթաշ զօրակցեցաւ ապահովութեան տնօրէնին ու ըսաւ, որ մենք պիտի լանք թէ մեռնող զինուորին համար, թէ մեռնող կէրիլլային համար։ Այսօր երկուքին համար ալ պիտի լանք միասնաբար, որպէսզի վաղը կարենանք խնդալ միասնաբար։ Եթէ այսօր միասին չլանք, վաղը միասին ալ չենք կրնար խնդալ, ըսաւ Տէմիրթաշ։
Leave a Reply