Հայաստանցի Ինգա եւ Անոյշ Արշակեան քոյրերը անմոռանալի ելոյթ մը ունեցան իսթանպուլահայութեան համար

13 Հոկտեմբեր շաբաթ գիշեր ամէն անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան հայաստանցի Անոյշ եւ Ինգա Արշակեան քոյրերու կողմէ սարքուած անօրինակ յաջողութեամբ համերգին, վստահ ենք, որ երկար ատեն այդ համերգի հոգենորոգ եւ հմայիչ ազդեցութեան տակ պիտի մնան։

Արդարեւ, Արշակեան քոյրերը շաբաթ գիշեր Մասլաքի «ԹԻՄ Շով» հանդիսասրահին մէջ սարքեցին անմոռանալի համերգ մը` ի նպաստ Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի երդիքին տակ գործող ԶԻՊԷՉ թերաճ մանուկներու։

Ընդարձակ հանդիսասրահը լեցուն էր ամբողջովին։ Ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ կրօնական դասու անդամներ, Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի ատենապետ պրն. Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ հոգաբարձութեան անդամներ, Զիպէչի ատենապետ՝ Տիգրան Տիւլկէրեան, հաստատութիւններու վարիչներ եւ մեր համայնքի զանազան խաւերէն անհամար ժողովուրդ։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Զիպէչ կեդրոնի ներքին կեանքը ցոլացնող տեսաերիզներու ցուցադրութեամբ: Այնուհետեւ հանդէս եկաւ Զիպէչի սիւներէն Հերման Օզինեան` ձեռքէն բռնած Զիպէչի բնակիչ փոքրիկի մը։ Հերման Օզինեան հայերէնով եւ թրքերէնով կարդաց ուղերձ մը` շեշտելով այն դերը, զոր կը կատարէ այս հաստատութիւնը հոգածութեան եւ զարգացման կարօտ մեր թերաճ երիտասարդներուն համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ իրենց հոգածութիւնը չեն զլանար այս հաստատութենէն։ Սրտագրաւ նախադասութիւններ արտասանեց նաեւ Զիպէչի բնակիչ փոքրիկը` շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներուն։

Յետոյ հաճոյքի աննկարագրելի փոթորիկ մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս։ Հանդէս եկան դէմքի եւ մարմնի չքնաղ գեղեցկութեամբ Ինգա եւ Անոյշ քոյրերը` հայկական սքանչելի տարազներու մէջ, ոգեւորիչ նուագի շռայլանքին տակ։

Յայտագրի առաջին կտորն էր “Հարսանեկան”ը, զոր Արշակեան քոյրերը երգեցին ձայնային տարբեր երանգներու համերաշխ միասնութեան սքանչելի զուգերգներով։ Այս պարին մէջ իրենց ընկերացան մեր համայնքի պարծանք «Մարալ» երգչախումբի անդամները` հարսանեկան խրախճանքի ճոխ պատկեր մը ստեղծելով։

Սկսած էր ահաւասիկ Արշակեան քոյրերու կողմէ «Մարալ» պարախումբի գործակցութեամբ հրամցուած հարսնիքը, որ քսան երգերու եւ պարերու մէջ ներկաները պիտի առնէր ու տանէր աշխարհ մը, ուր միայն երջանկութիւն եւ հաճոյք կը տիրապետէ։

Ինգա եւ Անոյշ քոյրերը ոչ միայն կ՚երգէին իրենց օժտեալ հագագներէն յորդ աղբիւրէ մը պոռթկացող ձայնի զրնգուն կարկաջի հնչեղութեամբ, այլ նաեւ փոխն ի փոխ իրենց գողտրիկ արտայայտութիւններով, նաեւ շնորհալի պարերով հանդիսատեսը կը պահէին խանդավառութեան հունին մէջ։

Եւ այսպէս` շնորհիւ Արշակեան քոյրերու մոգական ցպիկին` հանդիսատեսները փոխադրուեցան մեր պապերու երազային աշխարհը, ուր ականջ տուին մեր սէգ սարերու, մեր բարձրաբերձ լեռներու, մեր հարուստ բնաշխարհի, մեր տիտան դէմքերու կարօտալի ձայներուն։

Արշակեան քոյրերու կուռ հագագէն լսեցինք “Տինօ”, “Սարեր”, “Սանդի երգ”, “Գութան”,  ”Եու ուիլ նաթ պի էլոն”, “Շուշիկին պարը” (Կոմիտաս) եւ “Արարատ” եւ այլ երգերը, որոնք, յարութիւն առած, կը բոցավառէին սրտերը: Իսկ “Մարալ” պարախումբը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս իր գագաթային յաջողութեան մէջ էր` “Թամզարա”, “Արարատ” երգերու մէջ իր սքանչելի պարերով։

Յայտագրի երկրորդ բաժնին մէջ Ինգա եւ Անոյշ քոյրերը հայկական շլացուցիչ գեղեցկութեամբ փալփլուն տարազներու մէջ հանդէս եկան “Երեւան” երգով, որ մեր աշխարհէն երջանիկ արձագանգներ կը բերէր մեզի։ Ներկաները ծափերով դիմաւորեցին այս երգը` իրենց անբաւ գոհունակութիւնը արտայայտելով։ Այս բաժնին մէջ լսեցինք “Թամզարա”, “Քառասուն կարաս”, “Վայ, վայ”,  ”Սարի ճամբով”, “Տատրակ”  (Կոմիտաս), “Իմ անունը Հայաստան է”,  ”Խլպանէ”, “Մենք ենք, մեր սարերը” երգերը։ Համերգի գագաթային կտորներէն մէկն էր “Իմ անունը Հայաստան է” երգը, զոր Արշակեան քոյրերը երգեցին անօրինակ գեղեցկութեամբ։ Ամբողջ սրահը կը խայտար իր ուրախութենէն, եւ ծափերու անհատնում տարափով կ՚ողջունէր արուեստագէտները։ Արշակեան քոյրերը, լսելով սրահի մէջ ներկաներու ցնծագին ծափահարութիւններն ու անդրադառնալով անոնց հաճոյքին, կրկնակի անգամներ երգեցին այս երգը` միտքերու եւ յիշողութիւններու մէջ դրոշմելով այս խորհրդանշական երգի հնչիւնները։ Յայտագիրը վերջ գտաւ “Մենք ենք, մեր սարերը” երգով, որուն մէջ Արշակեան քոյրերը խրոխտ եւ հպարտ կեցուածքով եւ ձայնի տիրական շեշտերով ասպարէզ կը կարդային դարերու` մեր անմահութեան ապացոյցը աղաղակելով աշխարհին։ Այս հոյակապ երգին մէջ հանդէս եկան դարձեալ “Մարալ” պարախումբի անդամները` ապացուցանելով, որ “կանք եւ պիտի մնանք աշխարհի վրայ”։

Համերգի այս նկարագրութեան մէջ պէտք է անդրադառնալ, որ Արշակեան քոյրերը ոչ միայն գեղեցիկ ձայն, գեղեցիկ տեսք, գեղեցիկ արտայայտութիւն ունէին, այլ կը ցոլացնէին իշխանական դասակարգի հարուստ ազնուականութիւն մը, շնորհալի շարժուձեւեր, որ սակաւաթիւ արուեստագէտներու կողմէ կը ցուցաբերուի։ Աւարտին Ինգա-Անոյշ Արշակեան քոյրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլորին, այս կարգին՝ Տիգրան Տիւլկէրեանին, կողակցին՝ Բարիս Տիւլկէրեանին, Սեզար Աւետիքեանին, Կարպիս-Իրիս Չափքանին, Հերման Օզինեանին` բոլորը բեմ կանչելով եւ բոլորին հետ ողջագուրուելով։  Անմոռանալի գիշեր մըն էր, որուն համար որքան շնորհակալ ըլլանք իրենց, քիչ է։

Մ. Պ. Յ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ