Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ Նուրհան արք. Մանուկեան տեղեկացուցած է, թէ Երուսաղէմի մէջ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք վախճանած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը: Ան 93 տարեկան էր:
Թորգոմ արք. Մանուկեան ծնած է 1919ի Փետրուար 16ին, Պաղտատէն հիւսիս գտնուող իրաքեան Պաքուպա քաղաքին մօտերը գաղթականներու ճամբարին մէջ: Պաղտատի Սրբոց Թարգմանչաց հայկական դպրոցին մէջ նախակրթական ուսումը աւարտելէ ետք, ան ընդունուած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի Սրբոց Յակոբեանց ժառանգաւորաց վարժարան:
1936ին սարկաւագ ձեռնադրուած է՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ պատրիարք Թորգոմ արք. Գուշակեանի, իսկ 1939ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ՝ ստանալով Թորգոմ անունը:
1939-46ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ տարբեր պաշտօններ վարած է: Աշխատած է պատրիարքարանի «Սիոն» ամսագիրի խմբագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է ճեմարանի փոխտեսուչը:
1946ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ նշանակուած է Հիւսիսային Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն հայկական եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ 1951ին, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդին կողմէ նշանակուած է թեմի առաջնորդական փոխանորդ:
1954ին, ան վերադարձած է Երուսաղէմ եւ նշանակուած է ճեմարանի տեսուչ: Ան նաեւ վարած է պատրիարքարանի դիւանապետի պարտականութիւնները:
1960ին վերադարձած է Ամերիկա՝ ուսումը շարունակելու համար Քեմպրիճի Եպիսկոպոսական աստուածաբանական դպրոցին մէջ:
1962ին ընտրուած է Հայց. եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ: Նոյն թուականին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս:
1966ին, ան ընտրուած է Արեւելեան թեմի առաջնորդ, իսկ երկու տարի անց, Վազգէն Ա. կաթողիկոս անոր շնորհած է արքութեան պատիւ:
1990ին ընտրուած է Երուսաղէմի 96րդ պատրիարքը, իսկ 1994ին, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, ան նշանակուած է կաթողիկոսական տեղապահ:
Թորգոմ արք. Մանուկեան ստացած է շարք մը ակադեմական պարգեւներ, արժանացած է Նիւ Եորքի Ընդհանուր աստուածաբանական ճեմարանի պատուաւոր դոկտորի կոչման, իսկ 1986ին ստացած է «Ազատութեան արձան» եւ «Էլիզ Այլընտ» պատուոյ շքանշանները:
Թորգոմ պատրիարք մեծ աւանդ ունեցած է միջեկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ ու հեղինակ է 20 մենագրութիւններու: Ան նաեւ յայտնի կոմիտասագէտ մըն էր:
Leave a Reply