«Թուրքիա ապաստանած փախստական հայերը սահմանէն դուրս հանենք»
Երէկ Խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստի ընթացքին խիստ վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան հայկական խնդրի շուրջ։ Արտաքին նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած փրոթոքոլներուն ճակատագրին, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի ու Շուէտի մէջ քուէարկուած հայկական բանաձեւերու մասին։
Դարձեալ Հայերու դէմ խիստ ելոյթ ունեցաւ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութենէն Ճանան Արըթման, որ ուզեց որ սահմանէն դուրս հանուին Թուրքիա ապաստանած փախստական Հայաստանցիները։ Ճէ-Հէ-Փէ եւ Մէ-Հէ-Փէ պահանջեցին, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ ստորագրուած փրոթոքոլները ետ քաշուին Խորհրդարանէն ու ջնջուած նկատուին։ Բայց արտաքին նախարար Տավուտօղլու դէմ եկաւ այս առաջարկին ու ըսաւ, որ փրոթոքոլները պատրաստուած են, որպէսզի ամբողջ աշխարհի ցոյց տրուի, թէ Թուրքիա համաձայնիլ չուզող երկիր մը չէ։ Ուստի փրոթոքոլները ետ պիտի չքաշուին Խորհրդարանէն
Leave a Reply