Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած խիստ քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է ապստամբ ուժերու կողմը բռնելու նախընտրութեան վրայ, գրաւած է ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը, եւ այս քաղաքականութիւնը կը նկատուի նաեւ Ռուսաստանին գլուխ բռնելու ձգտում մը, քանի որ Թուրքիա բնաւ չվարանեցաւ Մոսկուայէն ճամբայ ելած Սուրիական սաւառնակը վայրէջքի հրաւիրելու։ Օտար բազմաթիւ շրջանակներու կարծիքն այն է, որ Ռուսաստանի նախագահ Փութին Մոսկուայէն ճամբայ ելած օդանաւի մը վար կանչուիլն ու խուզարկուիլը պիտի նկատէ Ռուսաստանի դէմ ուղղուած մարտահրաւէր մը։
Այս նիւթի շուրջ կարեւոր մեկնաբանութիւն մը հրատարակած է Ռոյթէր լրատու գործակալութիւնը, որ դիտել կուտայ, որ Սուրիոյ Նախագահ Էսատին դէմ գալը ուրիշ բան է, Վլատիմիր Փութինին հետ կռիւի բռնուիլը՝ ուրիշ բան։ Մոսկուայէն ճամբայ ելած սաւառնակը բռնի ուժով վայրէջք ընելու ստիպել եւ այս կերպով ամբողջ աշխարհի առջեւ Ռուսաստանը ցոյց տալ որպէս երկիր մը, որ զէնք կը ղրկէ Սուրիոյ, ասիկա կրնայ դառնալ այն ամենամեծ բախտախաղը, զոր Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան խաղացած է մինչեւ այսօր։ Սա շրջանին, երբ Թուրքիա աւելի քան երբեք պէտք ունի զօրակիցներու, Թուրքիոյ համար վնասակար ու վտանգաւոր քայլ է հարուածել Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ իր դիմացը առնել Ռուսաստանը, որ շատ դիւրութեամբ ջղայնացող երկիր մըն է։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր երկու երկիրներն ալ ջանացած էին, որ Սուրիոյ տագնապը վնաս չհասցնէ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, քանի որ Թուրքիա պէտք ունէր բնական կազի, իսկ Ռուսաստանն ալ կը շահագրգռուէր խողովակաշարի հարցով։ Բայց այս անգամ Թուրքիա բաւական վտանգաւոր հարուած մը իջեցուց Ռուս-Թուրք յարաբերութիւններուն։ Ազգային ապահովութեան աշխատանքի մասնագէտ փրօֆ. Նիքոլա Կվոստէվ այն կարծիքը պաշտպանեց, թէ օդանաւին այս կերպով վայրէջք ընել տալը Փութինի կողմէ պիտի ընդունուի որպէս մարտահրաւէր մը։
Leave a Reply