«Երեք տարի առաջ ոչ միայն համոզուած էինք, այլեւ իշխանութիւններուն կը ներկայացնէինք, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները ապագայ չունին: 3 տարի անցած է, եւ եթէ իրենք վերյիշեն, թէ ինչի՛ կը ձգտէին եւ ինչի՛ հասան, մենք ի՛նչ կը նախազգուշացնէինք, եւ ի՛նչ կատարուեցաւ, պիտի յստականայ, որ մեր ըսածները հիմնականին մէջ իրականացան», «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» յայտագիրին ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման 3-ամեակին, նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր, սխալ էր այն տեսակէտը, թէ արձանագրութիւններով պիտի տկարանան Ազրպէյճանի դիրքերը, եւ Թուրքիան պիտի չկապէ ղարաբաղեան տագնապը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ: «Պարզ արդիւնքը ի՞նչ է` սահմանները փակ են, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած չեն, Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի սրած են, Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը աւելի բարդացած է, Թուրքիան աւելի կը միջամտէ ղարաբաղեան հարցին: Յստակ է, որ թուրք-ազրպէյճանական ճակատը աւելի զօրացած է եւ աւելի միասնաբար կը պայքարի», ըսաւ դաշնակցական գործիչը: Ան աւելցուց, որ, ըստ էութեան, Թուրքիոյ մօտեցումները եւս կ՛ընդունուին միջազգային բեմին վրայ, մասնաւորաբար, Քեթրին Էշթըն վերջերս կրկին յայտարարած էր, որ քանի տակաւին ղարաբաղեան հարցը չէ լուծուած, դիւրին պիտի չըլլայ սահմանի բացումը:
Հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, դժուարացուցին նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը: Իսկ հայութիւնը, ըստ անոր, պառակտուեցաւ: Բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ արձանագրութիւնները ի նպաստ Հայաստանին են, Արմէն Ռուստամեան հարց տուաւ. «Եթէ այդքան ճիշդ էք, եթէ մեզի համար ամէն ինչ լաւ է, ինչո՞ւ չէք վաւերացներ»:
«Պարզ հարց կու տանք, եթէ բոլորին համար յստակ են, բացի իշխանութիւններէն, որ քանի տակաւին Արցախի հարցը չէ լուծուած, թուրքերը պիտի չվաւերացնեն արձանագրութիւնները, զանոնք պահելու իմաստը ո՞րն է», հարց տուաւ Արմէն Ռուստամեան եւ առաջարկել լուծման երկու տարբերակներ` կա՛մ վաւերացնել արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարանին առաջադրած վերապահումներով, կա՛մ զանոնք չեղեալ յայտարարել:
«Վատը այն է, որ մենք կը սպասենք, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Թուրքիան, նախաձեռնութիւնը զիջած ենք անոր: Մեր նախաձեռնողականէն միայն անունը մնացած է», խօսքը այսպէս եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:
http://www.aztagdaily.com/archives/88982
Leave a Reply