Տիյարպաքըրի Ապահովութեան տնօրէն Րէճէպ Կիւվէնի խնդրայարոյց խօսքերուն դէմ երէկ ալ դատական գանգատ կատարուեցաւ։ Այս անգամ գանգատ ներկայացնողն էր Թուրք գործարար մը` Ճիհանկիր Թէքճան, որ Անգարայի մէջ իր փաստաբանին ընկերակցութեամբ դատախազութեան յանձնեց գանգատի իր դիմումնագիրը։
Ճիհանկիր Թէքճան դիմումնագիրը յանձնելէ վերջ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց ու յիշեցուց, որ Րէճէպ Կիւվէն պետական պաշտօնեայ է եւ ունի իր պատասխանատուութիւնները։ Գանգատի տուն տուող գլխաւոր յայտարարութիւնն է «Եթէ լերան վրայ սպաննուող ահաբեկիչին համար ալ չէք լար, այն ատեն դուք մարդ չէք» նախադասութիւնը։
Ճիհանկիր Թէքճանի համաձայն` այս նախադասութիւնը յանցագործութեան գովք է, նախատինք է խաղաղ հայրենակիցներուն հասցէին, նախատինք է նաեւ պետութեան, քանի որ այդ կերպով պետութիւնը կ՚ամբաստանուի սխալ ու անտեղի սպանդ կատարած ըլլալու մեղադրանքով։ Րէճէպ Կիւվէն իր վերի նախադասութեամբ կարծես ըսել կ՚ուզէ, որ յանցաւոր է ան, որ լեռ չի բարձրանար իր դատը պաշտպանելու համար, ըսուեցաւ դիմումնագրին մէջ։
Leave a Reply