Իրաքի վարչապետը շատ խիստ խօսեցաւ Թուրքիոյ դէմ

Ռուսաստանի կողմէ եւս լուսաբանութիւն մը կատարուեցաւ Սուրիական ճամբորդական օդանաւին մասին։ Ռուսաստանի լրաքաղութեան բաժնի պատասխանատուներէն Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ օդանաւին մէջ կային 35 ճամբորդներ, որոնցմէ 17-ը ռուս էին։ Ռուսաստան պաշտօնական տեղեկութիւն պահանջած է Թուրքիայէն։

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ հասցէին շատ ծանր արտայայտութիւն ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Էլ Մալիքի, որ Մոսկուա կը գտնուի։ Ան, Բութինին հետ տեսակցութիւն մը ունենալէ վերջ, լրագրողներուն յայտարարութիւն ըրաւ եւ ըսաւ, որ Թուրքիա շատ լիրբ ոճով կը խօսի, ու միջազգային հանրութիւնը պէտք է արգելք ըլլայ Թուրքիոյ այս ընթացքին։ Մալիքի ըսաւ, որ Սուրիոյ կողմէ Թուրքիոյ հասցէին որեւէ վտանգ կամ սպառնալիք չկայ, Թուրքիա պէտք է դադրեցնէ պատերազմի գրգռութիւնն ու ՆԱԹՕ-ն այս խնդրին միջամուխ դարձնել ուզելու իր աշխատանքէն։ «Եթէ ՆԱԹՕ-ն միջամտէ Սուրիոյ, այն ատեն պատերազմը կը տարածուի ամբողջ հողատարածքին վրայ», – ըսաւ Մալիքի Մոսկուայի մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ