Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի (09 Հոկտ. 2012) համաձայն` Սուրիոյ դէպքերու լոյսին տակ Թուրքիոյ Ալեքսանտրեթ (Հաթայ) շրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւններ կը պատահին։ Այս իմաստով Թուրքիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ պետական ծրագիր մը սկսած է բացայայտուիլ, որ կը նպատակադրէ ալեւիները վախցնել եւ զանոնք Ալեքսանտրեթէն արտագաղթի մղել։ Թերթը կը յայտնէ, թէ այս ծրագիրը յաջողցնելու համար, թրքական իշխանութիւնները կ’օգտագործեն սուրիացի գաղթականները, որոնք մեծամասնութեամբ կը պատկանին իսլամական սիւննի համայնքին։ Իշխանութիւնները ձեռնարկած են այնպիսի քայլերու, որոնք ժխտական անդրադարձ ձգած են շրջանի ալեւիներուն վրայ եւ պատճառ հանդիսացած են, որ անոնք ամփոփուին իրենց շրջաններուն մէջ կամ ալ տեղափոխուին այլ վայրեր։
Թերթը կը յայտնէ նաեւ, որ թրքական պետութիւնը ծրագրած է քաղաքացիութիւն շնորհել սուրիացի սիւննի գաղթականներուն, որպէսզի հաւասարակշռութիւն մը ստեղծէ Ալեքսանտրեթի ալեւիներուն հետ, որոնք շրջանին մեծամասնութիւնը կը համարուին, մանաւանդ որ վերջին ամիսներուն ալեւիներու կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու ընթացքին անոնք Պաշշար Ասատի եւ սուրիոյ դրօշակնները բարձրացուցած են։ Ըստ թերթին` Էրտողանի կառավարութիւնը նախապէս թրքական քաղաքացիութիւն շնորհած է բազմաթիւ աֆղաններու, որոնք կայք հաստատած էին այս շրջանին մէջ, իսկ հիմա անիկա կը պատրաստուի նոյնը կատարելու սուրիացի գաղթականներուն համար։
Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակ
Leave a Reply