«Թարաֆ» կ՛արձագանգէ Ստեփանակերտի օդակայանի հարցին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթը անդրադարձած էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանի հարցով ստեղծուած քաղաքական նոր տագնապին՝ նշելով, որ օդակայանին բացումը կրկին իր բարձրագոյն կէտին տարաւ այն հակամարտութիւնը, որ կար Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ։

Թերթը կը գրէ, որ հայկական ղեկավարութիւնը Ատրպէյճանի ու միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի դէմ կիրարկուած շրջափակումն ու մեկուսացումը մասամբ գոնէ թեթեւցնելու նպատակով կ՛աշխատի բանալ օդային երթեւեկը։

Ստեփանակերտի օդակայանը պատերազմի ընթացքին լրջօրէն վնասուած, ապա իր բախտին լքուած էր։ Բայց Սեպտեմբեր 28ին, Արցախի իշխանութիւնները բացին նորոգուած օդակայանը՝ օրակարգի բերելով քաղաքացիներու համար օդային հաղորդակցութիւն հաստատելու խնդիրը։ «Պաքու յիշեցուց, որ Ստեփանակերտ գացող բոլոր օդանաւերը պարտաւոր են անցնիլ Ատրպէյճանի օդային տարածքէն, ու սպառնաց, թէ կրակ պիտի բանայ առանց արտօնութեան այդ օդային տարածքէն անցնող օդանաւերուն վրայ, իսկ Երեւան պատասխանեց, որ այդպիսի արարք մը պատերազմի պատճառ կրնայ նկատուիլ։

Անգարա եւս ուշադրութեամբ կը հետեւի այս զարգացումին։ Անգարա դիտել տուաւ, որ այս նոր նախաձեռնութիւնը կրնայ արգելք հանդիսանալ արցախեան բանակցութիւններուն եւ որ ասիկա Հայաստանի կողմէ նոր գրգռութիւն մը կը նկատուի», կը գրէ թերթը։

«Թարաֆ» դիտել կու տայ, որ Ղարաբաղի իշխանութիւնները յայտնած են, թէ թռիչքները մօտ ատենէն պիտի սկսին Հայաստանի ու Ստեփանակերտի միջեւ, հակառակ Ատրպէյճանի այն պնդումներուն, թէ նմանօրինակ թռիչքներու արտօնութիւն պիտի չտայ:

«Բայց Ատրպէյճան որքանո՞վ կրնայ յամառիլ իր այս մերժումին վրայ, երբ մարդկային իրաւունքները յարգելու խնդիրին մէջ այդ երկիրը շատ ցած վարկանիշ ունի միջազգային հանրութեան մօտ։ Ղարաբաղի լրատուաքաղութեան լիազօրներէն Դաւիթ Պապայեան ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ միջազգային հանրութիւնը, նկատի առնելով ազատ շրջագայութեան սկզբունքը՝ պիտի արտօնէ, որ ճամբորդական թռիչքներ կատարուին դէպի Ղարաբաղ», կ՛եզրակացնէ թերթը։

http://asbarez.com/arm/143424/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ