«Դուն միայն շամ պապա կրնաս ըլլալ»

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Սուրիոյ հետ ստեղծուած կացութիւնը գլխու պտոյտ ու ծանր մտահոգութիւն պատճառող հարց մը դարձած է։ Ժողովուրդը այլեւս լրջօրէն հարց կուտայ, թէ այս խնդիրը մինչեւ ո՞ւր պիտի տանի Թուրքիան։ Ամէն օր գնդակոծումներ կը կատարուի սահմանին միւս կողմէն դէպի Թուրքիոյ սահմանային գօտիները, Թուրքիան ալ անմիջապէս կը փոխադարձէ։ Ամէն մարդ կը վախնայ, որ այս կրակոցները յանկարծ կրնան պատերազմ մը պայթեցնել Սուրիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ։ Բայց Վարչապետ Էրտողան վճռական կեցուածք ունի եւ երէկ դարձեալ խիստ խօսեցաւ այս մասին ու քննադատեց Ճէ-Հէ-Փէին դիրքաւորումը։ «Դրացի երկրէ մը զէնք կ՚ուղղուի Թուրքիոյ վրայ, այդ զէնքը կրակ կը բանայ, բայց մեր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը նախայարձակները կը պաշտպանէ, գրեթէ անոնց լեզուով կը խօսի, անոնց փաստաբանութիւնը կ՚ընէ»,- ըսաւ Էրտողան։

Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քըլըճտարօղլու, որ առաջին օրէն դէմ եկած էր արտաքին նախարար Ահմէտ Տավուտօղլուի քաղաքականութեան, անմիջապէս պատասխանեց վարչապետ Էրտողանին ու ըսաւ` բառախաղ մըն ալ ընելով.

“Մենք չենք ուզեր, որ մեր զաւակներուն արիւնը հոսի Արաբիոյ անապատներուն մէջ` պարզապէս որպէսզի դուն Դամասկոսի հերոս դառնաս։ Եթէ այս գլխով երթաս, դուն կը դառնաս ոչ թէ Դամասկոսի հերոս (Շամ ֆաթիհի), այլ Շամ Պապա»։

Քըլըճտարօղլու քննադատեց նաեւ Ահմէտ Տավուտօղլուն եւ ըսաւ, որ Սուրիոյ խնդրին մէջ այսպիսի կէտի մը հասնելու համար պէտք է ըլլալ վերին աստիճան յետսամիտ (կէրի զէքալը)։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ