Ըստ ԱՓԱ-ի Թուրքիա կրնայ Հայաստանի համար իր օդային տարածքը փակել, եթէ հայերը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ թռիչքներ կատարեն

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կրնայ Հայաստանի համար իր օդային տարածքը փակել, եթէ հայերը դէպի «գրաւուած ազրպէյճանական հողեր» թռիչքներ կատարեն:

Ըստ ԱՓԱ-ի աղբիւրներուն` այս առնչութեամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի որոշակի համաձայնութիւն: Ըստ լրատու գործակալութեան` տուեալ հարցը վերջերս քննարկուած է երկու երկիրներու քաղաքային օդանաւորդութեան կառոյցներուն միջեւ:

http://www.aztagdaily.com/archives/88434

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ