Թուրքիա Վանի Վարագայ վանքը պիտի վերանորոգէ եւ թանգարանի վերածէ

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Վանի նահանգապետը որոշած է վերանորոգել Վարագայ վանքը:

«Ակօս»-ի աղբիւրներուն հաւաստումով, նահանգապետարանը արդէն պատրաստած է վանքի վերակառուցման նախագիծը, իսկ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատած է պիւտճէն:

Նահանգապետարանի պաշտօնեաները վանական համալիրի վերջնական ուսումնասիրութենէն ետք կը պատրաստուին կապուիլ Ալթայլը ընտանիքին հետ, որ եկեղեցւոյ «սեփականատէր»-ը կը նկատուի եւ սկսած է անոնց հետ բանակցութիւններ վարել:

Եթէ ամէն ինչ այս ձեւով ընթանայ` Վարագայ վանքի վանական համալիրը Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նման պիտի վերածուի թանգարանի եւ պիտի մնայ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան վերահսկողութեան տակ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս վանական համալիրին շուրջ Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած էր: Ի յայտ եկած էր, որ փլուզման վտանգին առջեւ կանգնած եկեղեցին վերանորոգել կարելի չէ, որովհետեւ անիկա անձնական սեփականութիւն կը նկատուի եւ կը պատկանի «Հապերթիւրք»-ի խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին:

Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած են բազմաթիւ բողոքի ցոյցեր, որոնցմէ ետք ան համաձայնած էր համայնքին կամ նախարարութեան վերադարձնել եկեղեցին:

http://www.aztagdaily.com/archives/88231

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ