Տինքի հարցով Էրտողանի հետ հանդիպում կը պահանջուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ կապուած դատական նոր գործ սկսելու եւ արդար դատավարութիւն վարելու նպատակով, «Արդարութիւն կը պահանջենք» նախաձեռնութեան հեղինակները Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն հանդիպում մը պահանջած են. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Նախաձեռնութեան հեղինակներու շարքին են Թուրքիոյ մէջ յայտնի շարք մը լրագրողներ եւ մտաւորականներ: Անոնցմէ մէկն է Օմեր Ֆարուք Կերկերիօղլուն, որ նշած է, թէ նախկին դատական գործընթացը հիասթափութիւն յառաջացուցած է շատերու մօտ, որովհետեւ ի յայտ չեն բերուած դատական գործի բոլոր մութ կողմերը, հակառակ Էրտողանի այն խոստումին, թէ «Տինքի դատական գործը պիտի չկորսուի Անգարայի մութ գործերուն մէջ»:
«Արդարութիւն կը պահանջենք» նախաձեռնութեան անդամները Յունիսին հանդիպում մը ունեցան նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ. ընթացքին վերջինս խոստացաւ մօտէն հետեւել Տինքի սպանութեան ծալքերու բացայայտմանը եւ մեղաւորներուն համապատասխան պատիժ տալու ջանքերուն:
Յիշեցնենք, թէ Տինքի սպանութեան առնչակից դատավարութեան թղթածրարը միայն վերջերս ղրկուեցաւ Վճռաբեկ ատեան, հակառակ անոր, որ Տինքի դատավարութեան վճիռը արձակուած էր այս տարուան Յունուար 17ին:

http://asbarez.com/arm/142627/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ