ԱՄՆ Քոնկրէսը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին պիտի անդրադառնայ նոյեմբերի վերջը. ԱՄՆ-ի Հայ Դատ

Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ կը սատարէ 92 քոնկրէսական: Ծերակոյտի բանաձեւի աջակիցներուն թիւը 17 է: ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբի տեղեկութիւններով` բանաձեւի աջակիցներու թիւին աւելնալուն ուղղութեամբ շարունակական աշխատանքներ կը տարուին` նամակներու, հանդիպումներու, թռուցիկներու միջոցով: Ըստ ԱՄՆ-ի Հայ Դատի գրասենեակի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեանի` ԱՄՆ-ի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները նոյնպէս առիթ պիտի հանդիսանան ամերիկահայ համայնքին համար, որպէսզի բարձրաձայնուի Ցեղասպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ շարք մը այլ հարցեր, որպէսզի անոնց մասին տեղեկանան ե’ւ ներկայ քոնկրէսականները, ե’ւ անոնց հակառակորդ թեկնածուները:

«Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ պիտի քննարկուի Նոյեմբերի վերջը, քանի որ հիմա բոլորը կեդրոնացած են ընտրապայքարներու վրայ: Նոյեմբերի վերջը յաջորդ առիթը պիտի ըլլայ, որ քոնկրէսականները, ծերակուտականները եւ ներկայացուցիչներու պալատի անդամները անդրադառնան այս հարցին»,- կը նշէ Ե. Չուլճեան:

Նշենք, որ 2010-ին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի նախագիծը: Օրինագիծը, այնուամենայիւ, չներառուեցաւ Քոնկրէսի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ: Օրինագիծը մշակուած եւ Ներկայացուցիչներու պալատի յանձնաժողովին ներկայացուած էր քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆի, Ճորճ Ռատանովիչի եւ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի ու Մարք Քըրքի հովանաւորութեամբ:

Թիւ 252 բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ ԱՄՆ-ի նախագահին` ապահովել, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը արտացոլէ պատշաճ ըմբռնում Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արձանագրութիւններուն մէջ փաստուած` մարդու իրաւունքներու, ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանութեան հարցերու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ապրիլքսանչորսեան իր ամենամեայ ուղերձին մէջ ճշգրիտ կերպով բնորոշէ 1,5 միլիոն հայերու կանխամտածուած բնաջնջումը իբրեւ ցեղասպանութիւն: Բանաձեւի ծանօթագրութիւններուն մէջ այնուհետեւ շատ յստակ կը նշուի. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրուած եւ իրականացած է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն 1915-1923-ին, որուն իբրեւ արդիւնք տեղահանուած է երկու միլիոն հայ: Անոնց մէկուկէս միլիոնը սպաննուած է, իսկ կէս միլիոն վերապրածներ վտարուած են իրենց տուներէն: Այս բոլորին հետեւանքով վերացուեցաւ հայերուն 2500 տարուան ներկայութիւնը իրենց պատմական հայրենիքին մէջ»:

Նշենք նաեւ, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին հարցերու յանձնաժողովը նման բովանդակութեամբ բանաձեւեր ընդունած է նաեւ 2000, 2005 եւ 2007-ին: Թէեւ այդ բանաձեւերը շատ մեծ աջակցութիւն կը վայելէին Քոնկրէսի մէջ, Ներկայացուցիչներու պալատի լիագումար նիստին քուէարկութեան չդրուեցան, քանի որ թէ’ նախագահ Պիլ Քլինթըն, եւ թէ’ նախագահ Ճորճ Պուշ դէմ արտայայտուեցան բանաձեւերուն ընդունման` պատճառաբանելով, որ թուրքերը կրնան պատասխան քայլերու դիմել:

http://www.yerakouyn.com/?p=1694

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2012
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ