ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Պոլսոյ հայոց Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը մեր մարդասիրական կարեւոր հաստատութիւններէն մին է ու շատ սերտ կապեր ունի իրմէ առաջ հիմնուած Պոլսոյ Նառլըգաբուի ազգային հիւանդանոցին հետ, որովհետեւ Պոլսոյ Գազլըչէշմէ թաղի ազգային հիւանդանոցը ծնունդ առած է Նառլըգաբուի հայոց հիւանդանոցը վերանորոգելու կամ զայն տեղափոխելու գաղափարէն: Այս պատմական գաղափարն է, որ անմահ բարերար Գազազ Արթին Ամիրան 1832ին մղեց Գազլըչէշմէի բանջարանոց-պոսթանին վրայ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը հիմնելու որոշումին:
1832ին օրուան պատրիարք Ստեփանոս Աղաւնի արքեպիսկոպոսի նախաձեռնութեամբ եւ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի գլխաւորութեամբ կը գումարուի «Ամիրաներու Ժողով» մը: Այս ժողովի ընթացքին է որ կ՛որոշուի անյապաղ կառուցել Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը եւ անմիջապէս կը սկսի շինարարական աշխատանքը: Օրինական աշխատանքները լրացնելէ ետք, Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքին ստորագրութեամբ, Սուլէյման Մահմուտ Բ.ին կը յղուի խնդրագիր մը, որուն մէջ դիտել կը տրուի, որ համայնքը կարիքը ունի վերոյիշեալ վայրին մէջ հիւանդանոցի կառուցման: Սուլթան Մահմուտ Բ.ի 1833 թուակիր արտօնագիրով եւ ամիրա Պալեան (1800-1866) եւ անոր քեռայրին՝ Յովհաննէս ամիրա Սէրվէրեանի (1768-1858) ճարտարապետութեամբ կը սկսի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին եւ անոր համալիրին մէջ Սուրբ Փրկիչ մատրան փայտաշէն կառուցումը:
Հաստատութեան գլխաւոր բարերարը, հիմնադիրն ու պաշտպանը՝ Յարութիւն ամիրա Պէզճեան, ամիսներէ ի վեր շատ ծանր հիւանդ էր, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուէր, որպէսզի հիւանդանոցին շինութիւնը ժամ առաջ իր աւարտին հասնէր, եւ մեծանուն բարերար ամիրան կարենար ներկայ գտնուիլ հաստատութեան բացման հանդէսին: Սակայն դժբախտաբար Պէզճեան ամիրա կը մահանայ 3 Յունուար 1834 թուականին, առանց վայելելու պաշտօնական բացման ներկայ գտնուելու հաճոյքը:
Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը միաժանակ թէ՛ հիւանդանոց է, թէ՛ ծերանոց եւ թէ ջլախտաւորներու բուժարան:
Հիւանդանոցը ատենօք եղած է նաեւ մոմարան, դպրոց, Ազգային տուն: Սուրբ Փրկիչը ո՛չ միայն աղքատներու, հիւանդներու, անկարներու ապաստանարան է, այլ եղած է նաեւ մշակութային եւ գիտական հաստատութիւն մը:
Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը՝ Ազգային տունը, ատենօք ունեցած է մոմարան, ուր կը պատրաստուէր հայ եկեղեցիներու համար պէտք եղած մոմը: Ունեցած է նաեւ այլազան բաժիններ՝ կօշկակարութեան, կահագործութեան, աթոռագործութեան, դերձակութեան արհեստանոցներ, նաեւ՝ վարդապետարան, ճեմարան եւ տպարան մը:
Պոլսոյ հայոց Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը վիրաբուժական եւ ներքին հիւանդութիւններու գլխաւոր բաժիններու կողքին ունի շատ գործօն կնոջական, ուղղամարզութեան (օrtopedie), միզաբանութեան, ակնաբուժական, մորթային հիւանդութիւներու, մանկական, ջղային, հոգեկան, կուրծքի հիւանդութիւններու, ականջ-քիթ-կոկորդի հիւանդութեանց, ատամնաբուժական, սրտաբանական, կենսաբանական, շողանկարի բաժիններու դարմանատուներ, «թոմոկրաֆի», «մամոկրաֆի», «ուլթրասոնոկրաֆի», գունաւոր «տոփլեր», MR, ոսկրաչափութիւն, ներքնադիտարկում (Endoskopie), փոլիսոմնոկրաֆի (քունի խանգարումներ), շնչառութեան, «Էլեքթրօէնսէֆալոկրաֆի» (EEG), «էլեքթրօմիոկրաֆի» (EMG), հոգեբուժական տարրալուծարաններ, ինչպէս նաեւ ունի իր դեղարանը եւ Ս. Փրկիչ մատուռը:
Ահա այս հսկայ հաստատութիւնը կը տարածուի մօտաւորապէս 20 հազար քառակուսի մեթր գետնի վրայ, որուն 13 հազար քառակուսի մեթրը կը գրաւեն 18 մեծ շէնքեր, որոնք կը կառավարուին պոլսահայ համայնքին կողմէ ընտրուած ազգասէր ու ազնիւ անդամներէ բաղկացեալ մասնաւոր հոգեբարձութեան մը կողմէ:
Հիւանդանոցին հոգաբարձութիւնը ունի յանձնախումբեր, ենթայանձնախումբեր եւ օժանդակ մարմիններ, որոնք ներդաշնակօրէն կ՛աշխատին հոգաբարձութեան հետ զանազան մարզերու մէջ, որոնց պարտականութիւնն է հոգաբարձութեան աշխատանքներուն աջակցիլ, հաստատութեան սեփականութիւններու կառավարման ու հաստատութեան մատակարարութեան օգտակար ըլլալ եւ տարեկան որոշ ձեռնարկներով նիւթականի պակասը ապահովել: Ազգային տան առօրեայ կեանքի ներդաշնակութիւնը եւ ծառայութիւններու կարգադրութեան պատասխանատուութիւնը դրուած է ներքին տնօրէնին ուսերուն վրայ, ան իր պարտականութիւնը կը կատարէ իրեն օգնական ունենալով՝ ընդհանուր քարտուղարը եւ հաշուակալը:
Հաստատութեան հոգաբարձութիւնը 1949էն ի վեր կանոնաւոր կերպով կը հրատարակէ հիւանդանոցի «Սուրբ Փրկի»չ ամսաթերթը, որուն ներկայ վարիչն է Արսէն Եարման, իսկ հրատարակութեան պատասխանատու տնօրէնը՝ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխ-խմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը:
Ազգային հիւանդանոցը ժողովուրդին կողմէ կ՛անուանուի նաեւ «Գթութեան յարկ» եւ կամ «Ազգային տուն». այս երկու անունները բառեր են, որոնք միանգամայն պոլսահայ համայնքի բարեսիրական ու ազգասիրական զգացումները կ՛արտայայտեն:
Հիւանդանոցը հիմնադրութենէն մինչեւ 1944 թուական, հայ բժիշկ չէ ունեցած, որպէս բժշկապետներ՝ պաշտօն վարած են իտալացի եւ յոյն բժիշկներ: Հիւանդանոցի առաջին հայ բժիշկն էր տոքթ. Յակոբ Պէյ Յովհաննէսեան, որ 1948էն սկսեալ երկու տարի վարած է հիւանդանոցի բժիշկապետի պաշտօնը. իսկ ներկայ բժշկապետն է կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ. Արտաշ Ագտաղ: Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը ունի Բժշկական խորհուրդ, որ շատ մօտէն կը հետեւի բժշկական աշխատանքներուն եւ գիտական մարզի մէջ հիւանդանոցի կարիքներուն: Բժշկական խորհուրդը պէտք եղած գիտական սարքաւորումները կը թելադրէ հոգաբարձութեան, ատեն-ատեն հիւանդանոցին մէջ կը կազմակերպէ գիտական ասուլիսներ, բանախօսութիւններ, որոնք մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն Պոլսոյ հիւանդանոցներու բժիշկներուն եւ բժշկական հասարակութեան մօտ:
Մեր ազգային տունը, ազգային հիւանդանոցը բժշկական ընդհանուր սկզբունքներու ձեւափոխումի, կատարելագործումի եւ զարգացումի զուգահեռ, եղած է նաեւ նորութիւններու եւ յեղաշրջումներու մէջ: Ախտաճանաչումի գետնի վրայ՝ վերջին տարիներուն արեւմտեան երկիրներու մէջ արձանագրուած բժշկական նորութիւններուն, արդիական գիտական ու արհեստագիտական յառաջադիմութիւններուն ու զարգացումներուն հետ, ազգային հիւանդանոցն ալ, իր կարգին, կրցած է քայլ պահել:
Ինչպէս բժշկական մեծ համբաւի տէր երկիրներու արդիական հիւանդանոցներուն մէջ, նոյնպէս ալ մեր Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ, եռանդուն եւ գիտուն հայ մասնագէտ բժիշկներու կողմէ կը կիրարկուին ախտաճանաչման ու դարմանումի արդիական միջոցներ: Բժշկական օգնական արդիական գործիքներով եւ մեծ համբաւի տէր մասնագէտ հայ վիրաբուժներու կողմէ բծախնդրութեամբ կ՛իրագործուին ներդիտարկային վիրահատութիւններ (Endoskopik Operation):
Եթէ ուզենք այցելել «Գթութեան յարկ»էն ներս հիւանդ պապիկի մը կամ մամիկի մը, նախ մեր աչքերուն առջեւ կը բացուի, բուրումնաւէտ ծաղիկներով, ջրաւազաններով եւ շատրուաններով զարդարուած, հոյակապ տեսարանով պարտէզը, որուն մէջ պտոյտ մը կը մոռցնէ մեզի բոլոր այն ցաւերն ու տառապանքները, որոնք հիւանդանոցի շէնքի պատերուն ետեւը պահուըտած են:
Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը ունի այսօրուան հոգաբարձութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի անուան թանգարան մը: 5 Դեկտեմբեր, 2004 թուականին թանգարանի բացումը կատարեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան արքեպիսկոպոսի մասնակցութեամբ: Հաստատութիւնը ունի նաեւ իր յուշատետրը կամ այլ խօսքով «Ազգային հիւանդանոցի պատուոյ Տոմար»ը, որ կը ցոլացնէ
հանրածանօթ անձերու, քաղաքական դէմքերու, «Գթութեան յարկ»ին տուած այցելուներուն տպաւորութիւնները, 8 Հոկտեմբեր, 1950 թուականէն ի վեր, տետրակին առաջին էջէն սկսեալ իրերայաջորդ էջերուն մէջ, «Ազգային տուն» այցելող անձեր արձանագրած են իրենց խանդավառ տպաւորութիւնները, հիացումի խօսքերը, գովասանքներն, ու զգացումները: Ֆրանսահայ նշանաւոր կռփամարտիկ Ժագ Հայրապետեանէն վերջ, 1951ին Պոլսոյ կուսակալ Լիւթֆիւ Գըրտար, 1960ին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զօրավար եւ Պոլսոյ կուսակալ Ռեֆիք Թուլկայ, աւելի վերջ՝ շրջաններուն փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ նախարարներ, նաեւ ազգային այլ գործիչներ, մշակոյթի դէմքեր եւ մտաւորականներ այցելած են Ս. Փրկիչ հիւանդանոցը:
12 Յուլիս, 1961 թուականը, Գթութեան տան համար անմոռանալի, պատմական եւ փառաւոր թուական մըն էր ու տօնակա՛ն օր: Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետը՝ Վազգէն Ա. այժմ՝ հոգելոյս, այցելած է հիւանդանոց եւ իր օրհնութիւնը տուած Ազգային տան եւ յուշագրած է պատուոյ տոմարին մէջ հետեւեալը, որ հրատարակուած է 1962 թուակիր Սուրբ Փրկիչ ամսագիրին մէջ (եթէ չեմ սխալիր). «Ան եզակի հաստատութիւն մըն է արտասահմանի մէջ: Ունինք տեսակ-տեսակ հաստատութիւններ, բայց նման հաստատութիւն մը չկայ ո՛չ մէկ տեղ: Անմիջական իմաստով՝ իրօք հիւանդանոց մը: Ամէն բանէ առաջ կը դիտեմ այս հաստատութեան վրայ քրիստոնէական գութի զգացումը. եթէ ուղիղ ձեւով ըմբռնենք կրօնքն ու գիտութիւնը, կը խորհիմ, թէ անոնք իրարու հետ ո՛չ միայն կը հաշտուին, այլ զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ յօգուտ մարդկութեան»:
Հիւանդանոց այցելած է նաեւ 8 Մայիս, 1964ին՝ աշխարհահռչակ հայ գրագէտ Ուիլեըմ Սարոյեանը, իսկ աւելի ուշ՝ Անոյշ օփերայի անմոռանալի եւ անզուգական երգչուհի Գոհար Գասպարեանը:
Հիւանդանոցի շնորհներէն կ՛օգտուին բոլոր հիւանդները եւ հայ համայնքի օգնութեան կարօտ հիւանդներն ու կարօտեալները:
Ազգային հիւանդանոցը իր հիմնադրութիւնն ու գոյատեւումը, գլխաւորաբար կը պարտի ազնուասիրտ, ազգասէր բարերարներու եւ հաստատութիւններու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն, ինչպիսին հարկ է նշել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին:
Այսօր, Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը հասած է ո՛չ թէ միայն Թուրքիոյ ընդհանուր հիւանդանոցներու չափանիշներուն, այլ համբաւի տէր եւրոպական հիւանդանոցներու չափանիշներու մակարդակին, մասնաւորաբար բժշկագիտական, արդիական գործիքներու եւ սպասարկութեան տեսակէտէ:
Հիւանդանոցին պատմութիւնը կը ցոլացնէ պոլսահայութեան մշակութային յառաջադիմութեան ու բարոյական զարգացումի պատկերը: Այս առիթով կ՛ուզեմ յարգանքով յիշել գրագէտ, փիլիսոփայ, տաղանդաւոր ուսուցիչ եւ հռչակաւոր բժիշկ տոքթ. Վարդ Շիկահերը, որ 14 Մայիս 1982ին «Փնջիկ Մը հիւանդանոցի պարտէզէն» վերնագրով մեզի կը ներկայացնէր հիւանդանոցի նախկին բժիշկներու հետ ունեցած իր յիշատակները: Անոնցմէ մասնաւորաբար հիտաքրքրական էր տօքթ.Մանուէլէանի հետ վիրաբուժարանի մէջ ապրած դէպքը.
Տոքթ. Վարդ Շիկահեր հետեւեալը կը գրէ: «Տոքթ. Մանուէլեան վիրահատութիւններու ընթացքին կ՛ունենար կարճ, բովանդակալից անդրադարձումներ, գրական, փիլիսոփայական, հոգեբանական, գեղարուեստական տուեալներու եւ բնագաւառներու: Երբեմնի իր դասերու հրապոյրն ու քաղցրութիւնը կը տարածուէին կերպով մը սրահին մէջ: Գործողութեան մը ընթացքին էր, ոսկրածաբորբ (Osteomyelit) պարագայ մը կար մեր դիմաց: Սրունքի մեծ ոսկորի ոլորքի բութ մասերը հարկ էր մաքրել, վիրաբուժապետը խօսքն ուղղեց օգնական բժիշկին եւ ըսաւ. «Կուժ»ը տուր: Այն ինչ էր որ կ՛ուզէր, կէս փողաձեւ (խողովակաձեւ) վիրաբուժական գործիք մըն է եւ կը ծառայէ փտած մասերը զատելու միւս մասերէն: «Կուժ» բժշկական իմաստով (քիւրէթ) (curette), բառերու նմանաձայնութեամբ տոքթ. Մանուէլեան յիշեց այնուհետեւ Կոմիտասի ձայնագրած գեղջուկ երգի առաջին տողերը: Արտասանեց եւ երգեց միաձայն. «Կուժն առայ, ելայ սառը», (կուժ, կը նշանակէ կաւէ շինուած ջուրի աման, թրքերէն՝ թեսթի) ապա ինծի դառնալով ըսաւ. «Չգտայ ֆիտան եարը», շարունակեց, նախ արտասանել, յետոյ երգեց յաջորդող տողերն ու տունը: Երբ նկատեց, թէ համարձակութիւնը կը պակսի իմ մօտ, յարեց. «Ինչու՞ չես երգեր, դուն գիտես ասոնք, դպիր ալ ես»: Հարկ է մտաբերել միշտ, թէ զուարթ տրամադրութիւնը աղբիւր եւ գրգիռ է արդիւնաւոր աշխատանքի:
Ուրեմն երգենք միասին.
«Կուժն առայ ելայ սարը,
Չգտայ ֆիտան եարը,
Ֆիտան եարը ինձ տուէք,
Չքաշեմ ահ ու զարը.
Մեծ սարի հովին մեռնեմ,
Շէկ տղի պոյին մեռնեմ,
Մի տարի այ չեմ տեսնել
Տեսնողին աչքին մեռնեմ»:
Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի իրենց ծառայութիւնը բերած են, մեծահամբաւ գրագէտ, փիլիսոփայ, աւանդապաշտ, գրասէր եւ հեղինակաւոր բազմաթիւ հայ բժիշկներ:
Հիանալի է, մեր աւանդապաշտ պոլսահայ ժողովուրդը, որ իր ազգային հաստատութիւներու հիմնադրութեան թուականէն ասդին, դարեր ամբողջ, մինչեւ այսօր կը բերէ իր սրտաբուխ նիւթական ու բարոյական նուիրատութիւնները, որոնք կը վկայեն մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ ազգապահպանման կամքը:
Շատ դժուար է, աշխարհի որեւէ տեղ տեսնել հաւաքականութիւն մը, որ իր ապրած երկիրին մէջ փոքրամասնութիւն մը կազմելով եւ երկիրի կրօնին չպատկանելով հանդերձ, առանց պետական օժանդակութիւն ստանալու, ահաւոր պիւտճէներով եւ տնտեսական դժուար պայմաններով ապրեցնէ 35 եկեղեցի, 25է աւելի հայկական վարժարաններ, 3 թերթ, 8է աւելի երգչախումբեր, թատերախումբեր, պարախումբեր, սանուց միութիւններ, ուսուցչաց հիմնարկ, երկու հիւանդանոց ու այլ ազգային կոթողային հաստատութիւններ.
Թուրքիոյ Հայոց Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին համբաւը ելլելով Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, հասած է մինչեւ արտասահմանեան հեռաւոր երկիրներ, հպարտութեամբ ուռեցնելով մեր բոլորին կուրծքերը.
Սուրբ Փրկիչ,մեր ազգային հիւանդանոց, մեր Ազգային տուն, քու ծխանդ մի՛շտ թող ծխայ:
Leave a Reply