Թուրքերը կը հասկնան, թէ Ցեղասպանութեան ուրացումը կը սպառէ երկիրը. Ֆեթհիէ Չեթին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայ-թրքական սահմանը Հայաստանի կողմէ բաց է, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել զայն: Սահմանի բացման հարցով թրքական կառավարութիւնը գործնապաշտ մօտեցում ունի, իսկ ատրպէյճանական իշխանութիւնները բացասական ազդեցութիւն ունին», ըսած է հայկական արմատներ ունեցող թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին:

«Այնուամենայնիւ, ես լաւատես եմ սահմաններու բացման հաւանականութեամբ: Ես կ՛երազեմ, որ օր մը մարդիկ պիտի կտրեն պատնէշները, եւ երկու ժողովուրդները պիտի կարենան բանալ սահմանը», աւելցուցած է ան:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ քօղարկել Հայոց ցեղասպանութեան հանգամանքները եւ իրականացնել մերժողական ու ժխտողական քաղաքականութիւն: «Պետութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով՝ թուրքերը դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակեն հերքել անհերքելին: Թէեւ կը կարծեմ, որ անոնք արդէն հասկցած են, որ այդ քաղաքականութիւնը արդիւնք չի տար, եւ արդէն ստիպուած են որոշ քայլերու նախաձեռնելու: Զանոնք կը խանգարէ մեծ պետական ուժ մը, որ տակաւին կը յամառի եւ թոյլ չի տար անոնց, որ ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսած է Չեթին:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ հաշտեցնել իր երկու՝ հայ եւ թուրք ինքնութիւնները՝ գրողը ըսած է. «Ես ունիմ ոչ թէ երկու, այլ աւելի շատ ինքնութիւններ. ես աշխարհի քաղաքացի եմ: Եւ երբ ցեղային յարձակում կը կատարուի աշխարհի որեւէ կէտի մէջ, ատիկա կը վնասէ իմ ինքնութեանը»:

Չեթինին համաշխարհային ճանաչում բերաւ իր «Մեծ մայրս» գիրքը, ուր ան կը պատմէ իր հայ մեծ մօր եւ անոր կրած տառապանքներուն մասին: Ան արդէն կը մտածէ իր յաջորդ գիրքը աւարտելու մասին. «Ես արդէն սկսած եմ գիրքը գրելու, սակայն գերզբաղուածութիւնս ստիպեց, որ կիսատ ձգեմ զայն», ըսած է ան` առանց պարզաբանելու, թէ ինչի՛ մասին է նոր աշխատութիւնը:

Չեթին նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանն է:

http://asbarez.com/arm/141717/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ