Քիւրտ երեսփոխանը դարձեալ բանտարկութեան կը դատապարտուի

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 18ին, Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 10րդ ատեանը, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւոր ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Սապահաթ Թունճելի դէմ ութ տարուան եւ 9 ամսուան բանտարկութեան վճիռ մը արձակեց՝ միաժամանակ երկիրէն դուրս ճամբորդելու արգելք հաստատելով անոր դէմ, մինչ վճիռին վերատեսութիւնը տեղի կ՛ունենայ:
Քիւրտ երեսփոխանը կ՛ամբաստանուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամակցելու յանցանքով: Ան անցեալին եւս բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն 2007ին ազատ արձակուեցաւ՝ երեսփոխան ընտրուելով:
Եթէ Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեանը հաստատէ նոր վճիռը, ապա խորհրդարանը պէտք է քննէ անոր անձեռնմխելիութիւնը խլելու հարցը:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս 4000 քիւրտ գործիչներ ձերբակալուած են:

http://asbarez.com/arm/141696/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ