Պոլսահայութիւնը կրթական բարեկարգումներ կը պահանջէ

ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 17ին, Թուրքիոյ մէջ դպրոցական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, պոլսահայութիւնը դարձեալ դիմած է Թուրքիոյ կրթական մարզի պատասխանատուներուն, որպէսզի բարեկարգումներու դիմեն, յատկապէս՝ Թուրքիոյ մէջ ուսում ստացող Հայաստանէն ներգաղթած ընտանիքներու զաւակներուն շուրջ անորոշութիւնը վերացնելու համար:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Անգարա որոշեց արտօնութիւն տալ վերոյիշեալ աշակերտներուն, որ ուսանին հայկական վարժարաններու մէջ, անոնք կը մնան «այցելու աշակերտ»ի դասաւորումին տակ եւ պաշտօնական վկայական չեն կրնար ստանալ:
Կետիքփաշայի Հայ բողոքական եկեղեցին, որ անցեալ տարի իր դռները բացաւ Հայաստանէն ժամանած 84 աշակերտներու առջեւ, անցեալ տարի եւս նման դիմում մը կատարած էր, սակայն ցարդ պատասխան չէ ստացած այդ կապակցութեամբ: Այս տարի դպրոցին պատասխանատուները կը փորձեն 100 աշակերտներու դասաւանդում իրականացնել՝ օրինական եւ այլ դժուարութիւններով:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Գրիգոր Աղապալօղլու ցաւ կը յայտնէ այն բանին համար, որ այս հարցը տակաւին կը շարունակէ անլոյծ մնալ, եւ կ՛ըսէ, թէ մինչ Թուրքիա ապօրինի չի նկատեր Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայերը, այլ զանոնք կը նկատէ ներգաղթողներ՝ միաժամանակ անոնց չի շնորհեր ներգաղթողներու իրաւասութիւններ:
Հայաստանէն ժամանած աշխատաւորներու Թուրքիա ծնած զաւակները եւս դժուար կացութեան առջեւ կը գտնուին, որովհետեւ մէկ կողմէ անոնք չեն կրնար Թուրքիոյ քաղաքացի դառնալ, իսկ միւս կողմէ՝ եթէ անոնց ծնողները որոշեցին Հայաստան երթալ, որպէսզի զանոնք արձանագրեն Հայաստանի կառավարութեան մօտ, ապա անոնք Թուրքիա չեն կրնար վերադառնալ:
«Ոեւէ երեխայ պէտք չէ զոհ երթայ երկու պետութիւններու միջեւ տիրող հարցերուն: Թուրքիա ոչինչ ունի կորսնցնելիք այս երեխաներուն տարրական իրաւունքներ շնորհելով, այլ՝ ընդհակառակը, անոր միջազգային վարկը պիտի բարելաւուի նման մարդասիրական քայլերու ճամբով», կը յայտնէ Աղապալօղլու:
11ամեայ Սեդա Մովսիսիեանը, որ կը յուսայ երկու տարիէն ամբողջացնել իր միջնակարգի ուսումը, արդէն իսկ մտահոգ է, որ պիտի չկարենայ վկայական ստանալ: «Այնպէս մը պիտի ըլլայ, որ կարծես դպրոց չեմ գացած», կ՛ըսէ ան, որովհետեւ պետութիւնը վկայական չի տար նման աշակերտներու:

http://asbarez.com/arm/141458/

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ