Պահանջատիրության նեղ դուռը

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նիկոսիա, Կիպրոս

Կիպրոսի բռնագրավված Մակարավանքը

Մակարայ վանք: Ասիկա երրորդ անգամն է, որ կը մասնակցիմ Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան` միանալով կիպրահայ իմ բարեկամներուս: Իւրաքանչիւր անգամ աւելիով կը հիանամ վանքի գեղատեսիլ վայրին ու բարձր բլուրին վրայէն անոր դիմաց բացուող Քայրինիայի ծովափին, որ միջերկրականեան գեղեցիկ շրջան մըն է, ուր կը զգաս շրջանի ընդհանուր հրապուրիչ մթնոլորտը…

Բայց ամէն անգամ կ՚ապրիմ նաեւ մտահոգութիւնը` տեսնելով վանքը քիչ մը աւելի փլած, բայց տակաւին հաստատ` իր պատմական տուեալներով եւ մուտքի ցուցատախտակին վրայ մեծ տառերով գրուած «Հայկական վանք», թեկուզ` ոչ հայերէն գրութեամբ:

Բնութեան գեղեցկութեան մէջ Մակարայ վանքի բլուրին վրայէն կ՚ապրիս զգացական պահը: Տաւրոսեան լեռներուն նայելով` հայեացքդ կ՚երթայ դէպի աւելի հեռուն, հորիզոնին վրայ երեւցող պատմական Կիլիկիոյ շրջաններուն. պատմական հողերուն վրայ աչքդ սեւեռելով եւ Մակարայ վանքին մէջ կանգնած մէկ կողմէ կ՚ապրիս ազգային հպարտութիւնը, բայց նաեւ պահանջատիրութիւնը` իր ամբողջական հասկացողութեամբ:

Բայց այս անգամ կանգ առի աստիճաններէն վար` փոքր դռան առջեւ, որ անցք եւ միջոց է վանքը յարակից շրջաբակին կապող: Դուռն ու անցքը ամուր են եւ խորհրդանշական: Բոլոր ներկաները չեն կրնար միասնաբար մտնել հոնկէ, այլ պետք է առիթ տալ իրարու, որպեսզի կարելի ըլլայ մէկիկ-մէկիկ անցնիլ այդ նեղ դռնէն:

Կը շարունակեմ դիտել նեղ դուռը եւ անցքը: Անոնց նայելով` կը փորձեմ տեսնել հայուն դուռն ու անցքը, զոր ան (իմա` հայը) պիտի թակէ եւ ուրկէ ներս մտնէ դէպի 100-րդ տարելից: Տարելիցը` Ցեղասպանութեան, որուն մէջէն արդէն կանցնինք ճանաչումէն մինչեւ իրաւական հետապնդում եւ դէպի պահանջատիրութիւն: Իսկ պահանջատիրութեան գործընթացը «նեղ դուռ» է, զոր պիտի թակենք եւ մտնենք անկէ ներս: Նայելով Մակարայ վանքի դռան ու չորս կողմի աւերակներուն «պահանջատիրութեան», կը համոզուիմ, թէ «այո՛, նեղ է…»:

Եթէ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին ենք, եւ եթէ պահանջատիրութիւնը դարձած է մեր ազգային հաւաքական աշխատանքի օրակարգը, ուրեմն ասիկա կ՚ենթադրէ, որ նաեւ նկատի ունենանք աշխատանքային նոր միտք եւ բանաձեւ: Իսկ այս նոր միտքն ու բանաձեւը պիտի ենթադրեն թակել նեղ դուռը եւ զինուիլ անկէ ներս մտնելու տրամադրութեամբ:

Պահանջատիրութիւնը երկարաշունչ գործընթաց մըն է, որ մէկ կողմէ կը պահանջէ ներազգային իմաստով պատրաստուածութիւն եւ պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ, արտաքին ճակատի վրայ, համազգային հիմնահարցերու նկատմամբ հաւաքական տեսադաշտ եւ օրակարգ: Պէտք է համոզուիլ եւ տեսնել, թէ նեղ դռնէն բոլորս միասին չենք կրնար մտնել, տեղ պէտք է տանք իրարու` կարգը զիջելով, համբերելով եւ հանդուրժողականութեամբ, որպէսզի բոլորս ալ կարելիութիւն ունենանք ներս անցնելու: Այս համբերութեամբ եւ զիջողութեամբ պէտք է օժտոււնք, որովհետեւ ազգային օրակարգը` պահանջատիրութիւնը, մեր բոլորինն է… Կայ նաեւ այն, որ մտահոգութիւնները, ներազգային եւ մշակութային իմաստով, այսօր, աւելի քան երբեք, համահայկական են եւ համազգային: Կարելի չէ խօսիլ պահանջատիրութեան մասին` համաշխարհային քաղաքական համակարգին մէջ, առանց համադրելու եւ ունենալու ազգային յստակ կեցուածք եւ դիրքորոշում, որոնք պէտք է ստանան իրողական կարգավիճակ:

Պէտք է շարունակել երթը: Կարելի չէ պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ յարատեւել, երբ մեր արժէքները ներազգային իմաստով սկսած են վտանգուիլ եւ կամ` վտանգուած ու կորսուած ըլլալու վիճակին ենթարկուիլ: Մեր ազգային իւրաքանչիւր արժէք ինքնին հարստութիւն է եւ ոյժ, որ պիտի լիցքաւորէ պահանջատիրութեան երկար առաքելութիւնը: Եւ մեր արժէքներուն օղակներուն մէկիկ-մէկիկ թափթփիլը պիտի նշանակէ մեր պահանջատիրութեան նժարը եւ անոր հաւասարակշռութիւնը խախտել: Ներքին եւ արտաքին գործօնները իրարու կամրջուած իրականութիւններ են, որոնց ամուր միութիւնը պիտի յաջողցնէ գործընթացը:

Ստիպուած ենք թակելու «նեղ դուռը» եւ մտնելու անոր մէջէն: Հարիւրամեակի մեծ մարտահրաւէրն է այս: Կարելի չէ ներկայ օրերու համաշխարհային քաղաքական-տնտեսական եւ ընկերային վիճակներէն մեկնելով` մեր ազգային) պահանջատիրութեան օրակարգին նայիլ «հին» տուեալներով: Պէտք է ընդունինք «նորը» ընդգրկելու իրավիճակը, իսկ նորը լայն դուռը չէ. լայն չէ այնքան, որ իւրաքանչիւր միաւոր գործէ անջատ ու անկախ, որ ազգային արժեքները ենթարկուին սակարկութեան` էականէն ու հիմնականէն զիջումներ կատարելով: Ազգային մեր հիմքերը կորսնցնելով եւ անջատ ու անհամակարգ աշխատանքային գործելակերպ որդեգրելով կը նուազի մեր պահանջատիրութեան ծանրակշռութիւնը` համաշխարհային օրակարգերուն վրայ:

Նեղ դուռը զգաստութեան անցքն է: Զգաստութիւն` այն մասին, որ 100-րդ տարելիցը «մէկ դար» հաշուող մեր ազգային գոյապայքարի եւ Ցեղասպանութեան համազգային հիմնահարցի անկիւնադարձն է: Եւ հոն է, որ պէտք է նայինք եւ վերանայինք անոր, թէ մեր համազգային եւ իրարու վրայ դիզուած մէկէ աւելի հիմնահարցերը ի՞նչ ձեով պէտք է վեր առնենք` նոր մտայղացումով եւ մօտեցումներով: Նեղ դուռը ուժ է` իմացական, տնտեսական, ֆիզիքական եւ նաեւ կարողականութեան իմաստով: Ուժը, որ կը համախմբէ միտքը` պահանջն ու պահանջուելիքը, կարողականութիւնը, որ միջազգային «խաղաքարտերու» եւ «հաշիւներու» արշաւին մէջ կարենանք հաստատ ու միակամ ըլլալ:

Կը շարունակեմ դիտել Մակարայ վանքին «նեղ դուռը». ան տակաւին ամուր կեցած է, անկախ անկէ, որ չորս պատերը փլատակ են: Այդ նեղ դուռին եւ անցքին ընդմէջէն կը փորձեմ դիտել մեր ազգային պահանջատիրութիւնը: Յստակ է, որ դժուար առաքելութիւն է մեր ազգային-հաւաքական մեծ իրականութիւնը դնել այս նեղ դրան ու անոր յարակից անցքին մէջ:

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը յստակ է. «Վասնզի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի»:

Բայց հայը որոշած է ապրիլ եւ ոչ թէ կորսուիլ:

Ապրիլ իր ազգային արժէքով եւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեամբ: Այս արժէքին ու պահանջատիրութեան համար պէտք է մտնել նե՛ղ դռնէն:

Մակարայ վանքին ամուր կանգնած «նեղ դուռը» հայուն պահանջատիրութեան դուռն է… Չկայ ուրիշ դուռ մը, ուրկէ հայը պիտի կարենայ մուտք գործել եւ շարունակել ապրիլ:

Պահանջատիրութեան «նեղ դուռը», անպայմանօրէն` կեանքի դուռը:

http://azg.am/AM/2012091311

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ