Պաղըշ մտահոգ է Ցեղասպանութեան օրինագիծի կապակցութեամբ Հոլանտի քայլերով

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ արձագանգած է Ֆրանսայի մէջ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի ընդգրկման եւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծի մը մշակման մասին լուրերուն:

Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Պաղըշ ըսած է. «Ֆրանսայի մէջ իշխանութիւնները կը շարունակեն ցուցաբերել այնպիսի մօտեցում, որ ուղղուած է ոչ թէ ապագայ սերունդներուն, այլ՝ ապագայ ընտրութիւններուն: Ֆրանսացիները այսպիսով կը մեծցնեն սխալ տեղեկութիւններով թունաւորուած սերունդ մը»:

Ան սպառնացած է Հոլանտին, որ նման քաղաքականութիւն վարելու պարագային իշխանութիւնը երկար պիտի չտեւէ՝ հետեւելով նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի օրինակին: «Հոլանտ պէտք է չմոռանայ, թէ ի՛նչ եղաւ նախկին նախագահին վերջը», յայտարարած է թուրք նախարարը:

«Ազատութիւն» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ռուզան Կիւրեղեան տեղեկացուցած էր, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, պատասխանելով Ֆրանսայի քաղաքացի Արման Մխիթարեանի նամակին, Սեպտեմբերի 4 թուակիր նամակին,  նշած էր, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու նոր օրինագիծ ներկայացնելու իր յանձնառութիւնը պիտի կատարէ եւ ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ նոր օրինագիծի պարունակութիւնը:

«Ինչպէս գիտէք, Սահմանադրական խորհուրդը վճռած էր, որ ներկայացուած օրէնքի առաջարկը չէր համապատասխաներ Սահմանադրութեան: Հետեւաբար` անհրաժեշտ է գտնել մէկ այլ լուծում, որ պիտի համապատասխանեցնէ յիշողութեան պարտականութիւնը եւ հանրապետութեան օրէնքները, որպէսզի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ նոր մերժում չըլլայ», գրուած է նամակին մէջ:

http://asbarez.com/arm/140908/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ