ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւորներուն երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը խլելու առնչութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մէկ յայտարարութիւնը մեծ փոթորիկ ստեղծած է կուսակցութեան եւ անոր համակիրներու շրջանակէն ներս, որուն հետեւանքով կուսակցութեան երեսփոխանները շատ յստակ պատասխան տուին Էրտողանին. «Եթէ մեր ընկերներէն մէկուն դպչիք, բոլորս ալ խորհրդարանէն կը քաշուինք»։
Վարչապետ Էրտողան երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու հարցին շուրջ ըրած էր բաւական վիճելի ու խնդրայարոյց յայտարարութիւն մը՝ պնդելով. «Դատական իրաւակարգին ըսինք այն, ինչ անհրաժեշտ է. դատական իրաւակարգը պիտի ընէ անհրաժեշտը: Մենք ալ խորհրդարանին մէջ կ՛ընենք անհրաժեշտը»: Այս նախադասութեան մէջ նախ շատ խոցելի նկատուեցաւ «դատական իրաւակարգին ըսինք» ասութիւնը, որ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ վարչապետը հրահանգ տուած է դատական իրաւակարգին։
Քրտամէտ կուսակցութեան անդամները կը շեշտեն, թէ վարչապետ մը, որ այսպիսի յայտարարութիւն մը կ՛ընէ, վաղը այլեւս չի կրնար պնդել, թէ Թուրքիոյ մէջ դատական իրաւակարգը անկախ է։ Վարչապետին արտայայտութեան մէջ խոցելի նկատուեցաւ նաեւ «խորհրդարանին մէջ կ՛ընենք անհրաժեշտը» նախադասութիւնը, որ սահմանադրական օրէնքի դէմ է՝ երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան իրաւունքներու տեսանկիւնէն։
Կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նախագահի տեղակալ Փերվին Պուլտան խստիւ քննադատեց Էրտողանի յայտարարութիւնը՝ ըսելով. «Այս խօսակցութիւնը կը նկատեմ ցուցանիշ մը այն մասին, թէ Թուրքիա մօտ օրէն բոլորովին նոր գործընթացի մը մէջ պիտի մտնէ եւ թէ լաւ բաներ չե՛ն, որոնք կը սպասեն Թուրքիոյ»։
Պուլտան յոյս յայտնեց, որ մտաւորականներն ու գրողները հակազդեցութիւն ցոյց կու տան վարչապետի այս խօսքերուն։ Ան աւելցուց, որ կը կարծէ, թէ վարչապետին խօսքերը ցոյց կու տան այն, որ Թուրքիա կը վերադառնայ 1990ական թուականներուն։
Խմբակի նախագահի միւս տեղակալներէն երեսփոխան Իտրիս Պալուքէն եւս հակազդեց վարչապետի խօսքերուն եւ ըսաւ, որ անոնք, ոճի ու մակարդակի տեսակէտէն՝ շատ անխնամ ու թափթփած խօսքեր են։ «Եթէ վարչապետը իր սպառնալիքը իրականացնէ եւ դատական համակարգին հրահանգելով նմանօրինակ նոր գործընթաց մը ստեղծէ, այն ատեն բոլորովին ջնջած պիտի ըլլայ ժողովրդավարական լուծում մը գտնելու աշխատանքը», աւելցուց ան:
Քրտամէտ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր ըսուեցաւ. «Ինչպէս, որ կուսակցութեան 8000է աւելի քաղաքագէտներու բանտարկուած ըլլալը չկրցաւ կործանել կուսակցութիւնը, ինչպէս, որ մինչեւ այսօր կուսակցութիւն փակելը, երեսփոխանները խորհրդարանէն առնելով բանտ ղրկելը չկրցաւ կասեցնել քիւրտ ժողովուրդի ժողովրդավար պայքարը, այդպէս ալ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու սպառնալիքները պիտի չկարենան արգելք ըլլալ այն բանին, որ մենք ընենք ու ըսենք այն, ինչ ճիշդ կը գտնենք»։
Leave a Reply