«Ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ մօրս պատմութիւնը իսկական նուէր մը ինծի` իբրեւ գրագէտի». «Ազդակ»-ին կ՛ըսէ Նենսի Գրիգորեան

Նիւեորքաբնակ գրող Նենսի Գրիգորեան, որ հեղինակն է «Տրիմզ աֆ պրետ էնտ ֆայր» եւ «Զապէլ» գիրքերուն, վերջերս Լիբանան կը գտնուէր` իր նոր գիրքին առնչութեամբ ուսումնասիրական աշխատանքները կատարելու նպատակով: Այս առիթով ամերիկեան գրական շրջանակներուն կողմէ բարձր գնահատուած գրագէտին հետ կատարուեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Ի՞նչ է ձեր առաջին տպաւորութիւնը Լիբանանի մասին: Հայկական ո՞ր վայրերը այցելեցիք:

ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Ըստ երեւոյթին, Լիբանանի ամէնէն տաք եղանակը ընտրած եմ հոս այցելելու: Բացի ատկէ, շատ ուրախ եմ հոս գտնուելուս համար, հետաքրքրական եւ արկածախնդրական պահեր կ՛ապրիմ: Այցելեցի Ս. Նշան եկեղեցի, Նշան Փալանճեան Ճեմարան, հայ ընտանիքի մը հետ հանդիպեցայ Պոլոնիայի իրենց ամարանոցը, եղայ նաեւ Այնճարի մէջ:

Հ.-  Ի՞նչ կարծիք ունէիր լիբանանահայերուն մասին եւ հիմա` անոնց հետ կապ հաստատելէ ետք, ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցար:

Ն. Գ.- Ծնած եմ Մասաչուսէթսի Ուոթըրթաուն շրջանը, ուր հայկական գաղութը կը գործէ: Եւ ամէն անգամ, որ սփիւռքի հայկական գաղութներու մասին մտածեմ կ՛երեւակայեմ պատկեր մը, որուն մէջ են Ֆրեզնոն, Կլենտէյլը եւ Պուրճ Համուտը. շատ անհամբեր էի գալու եւ Պուրճ Համուտը տեսնելու, որպէսզի բաղդատական մը կատարեմ այս գաղութներու եւ իմ ապրած շրջանիս միջեւ: Իմ ապրած վայրս անշուշտ ունի իր հայկական եկեղեցին, մշակութային կեդրոնները, բայց գաղութները շատ տարբեր են իրարմէ: Ուոթըրթաունի մէջ կը տեսնենք հայերէն տառերով քանի մը ցուցատախտակներ, բայց հոս ամէն ինչ հայկական է, ժողովուրդը հայերէնով կը հաղորդակցի. երանի կարենայի աւելի լաւ հայերէն գիտնալ, թէեւ կը կարդամ եւ կարճ նախադասութիւններ դիւրութեամբ կը հասկնամ, բայց փափաքս էր աւելին գիտնալ:

Հ.- Ի՞նչ է Լիբանան կատարած ձեր այցելութեան բուն պատճառը:

Ն. Գ.-  Վէպս է: Պէտք է ըսեմ, որ առաջին վէպս` «Զապէլ»-ը, կը խօսի մեծ մօրս` Ցեղասպանութենէն վերապրած ըլլալուն եւ Միացեալ Նահանգներ հարս գացած ըլլալուն մասին: Երկրորդը` «Հացի եւ կրակի երազներ»-ը, («Տրիմզ աֆ պրետ էնտ ֆայր») իմ սերունդիս ներկայացուցիչներէն մէկուն մասին է, որուն միայն մէկ ծնողքը հայ է, եւ վէպին մէջ ալ ընթացքը հերոսին իր արմատներու ծանօթանալն է:  Իմ մայրս Քանատա ծնած ֆրանսացի մըն է, թէեւ ես հասակ առած եմ հայկական միջավայրի մէջ, բայց ցեղասպանութեան պատմութիւնները այդքան ալ արմատացած չեն եղած: Երբ վէպին համար ուսումնասիրութիւն կ՛ընէի, հանդիպեցայ անձնաւորութեան մը, որ զինեալ կազմակերպութեան մը անդամ է, ուստի ուզեցի ուսումնասիրել այդ, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ կազմակերպութիւններ, եւ քանի որ հետաքրքրուած էի ցեղասպանութեան ընթացքին կատարուած մեծածաւալ քաղաքական վայրագութիւններով, կարդացի յեղափոխական զանազան կազմակերպութիւններու մասին եւս, ինչպէս` «Ուետր անտրկրաունտ» եւ «Ռետ արմի ֆիքշըն»: Ուզեցի գիտնալ, թէ ի՛նչ կը մտածեն անոնք նման բաներ ընելու ատեն: Ուսումնասիրութեան ընթացքին հանդիպեցայ նաեւ Միսաք Մանուշեանին եւ «Էֆ. Թէ. Փէ.-Էմ. Օ. Այ.»-ին, որոնց մասին չէի լսած: Մանուշեանի ընդմէջէն սերտեցի այն հայերուն մասին, որոնք ցեղասպանութենէն ճողոպրելով Ֆրանսա հաստատուած են եւ աշխատած որպէս կօշկակար կամ արհեստաւոր` այնպիսի ժամանակներու, երբ նացիները կը յարձակէին հոն: Երրորդ վէպս, որ պիտի հրատարակուի մարտ 2013-ին, հայ ընտանիքի մը մասին է, որ նոյն ժամանակաշրջանին կ՛ապրէր:

Ֆրանսայի մէջ կը հետազօտէի այս նիւթը, եւ Պուրճ Համուտի բարեկամներէս մէկը, որ նաեւ կ՛օգնէ ինծի ծանօթանալու վէպիս համար պէտք եղած մարդոց, ինծի ծանօթացուց պուրճ համուտցի արուեստագէտներու, դերասաններու, բեմադրիչներու, երաժիշտներ եւ այլն, որոնք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գաղթած են դէպի Արեւմուտք: Այս մէկը ինծի մտածել տուաւ, որ ի՛նչ կ՛ըլլար այս սերունդը, եթէ Պուրճ Համուտի հայերը մնային հոն եւ շարունակէին ապրիլ սփիւռքի ոսկեդարը: Ասիկա կը նմանի այն թռչունին, որ բոյնը կը շինէ, սակայն անիկա աւելի ուշ կը քանդուի:

Հ.-  Իսկ գտա՞ր այն, ինչ որ կը փնտռէիր վէպիդ համար:

Ն. Գ.- Ես ալ թռչունի նման հիմա շիւղերս հաւաքելու ընթացքին մէջ եմ: Գիրքերուս համար ուսումնասիրութիւններս շատ են, եւ կը սիրեմ այս գործին ընդմէջէն մարդոց ծանօթանալ, օրինակ Անթիլիասի մայր տաճարի թանգարանին մէջ ծանօթացայ եպիսկոպոսի մը, որ խօսեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ անցուցած իր մանկութեան մասին, թէ ինչպէս Ճեմարան հասնելու համար ամէն օր իր տունէն 15 վայրկեան կը քալէր դէպի հանրակառք եւ կայարան հասնելէ ետք 20 վայրկեան եւս` դէպի դպրոց, եւ թէ ինչպէս անձրեւոտ օրերուն մինչեւ ծունկերը կը թրջուէր: Ա՛յս է իմ փնտռածս, եւ այս պատառիկներն են գիրքը հետաքրքրական դարձնող մանրամասնութիւնները:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛որոշես վէպիդ նիւթը: Իբրեւ հայ որեւէ պարտաւորութիւն կը զգա՞ս հայ ժողովուրդին մասին գրելու, թէ՞ պարզապէս պատմութիւնը կը փոխանցես:

Ն. Գ.- Ոչ ոք գիտէր պատմութիւնը` մեծ մօրս, որպէս ցեղասպանութենէ վերապրողի: Երբ համալսարանի տարիներուս սերտած նիւթերէս մէկուն ընթացքին պարտականութիւն տրուեցաւ ընտանիքիդ կին անդամներէն մէկուն պատմութիւնը գրելու, ընտրեցի մեծ մայրս: Միայն այն ատեն ան մանրամասնութեամբ պատմեց իր տեղահանութեան պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք որբացած է, յետոյ հօրեղբայրը զինք գտած է, եւ ինչպէս ապագային` 16 տարեկան հասակին, 34 տարեկան մեծ հօրս ծանօթացած է ու պսակուելէ ետք անցած Միացեալ Նահանգներ: Այս պատմութիւնը նուէր էր ինծի` իբրեւ գրագէտի, եւ միեւնոյն ժամանակ պարտաւորութիւն ունէի զայն փոխանցելու ուրիշներուն: Իսկ երկրորդ գիրքիս պարագային, առաջինէն ազդուած երեւակայութիւնս զիս հոն տարաւ: Թերեւս տարօրինակ է, բայց այս է իրականութիւնը:

Հ.- Որո՞նք են վէպիդ հերոսները:

Ն. Գ.- Մինչեւ հիմա բոլորն ալ կիներ են: Նախ Զապէլը, ապա Անին, իսկ հիմա Մարալը: 2011 թուականի 9 սեպտեմբերի դէպքերուն Փարիզ կը գտնուէի եւ իմ հայերէնի ուսուցչուհիս` Պէյրութէն Ֆրանսա գաղթած հայ մը, ինծի բացատրեց, թէ ինչպէս զոյգ հսկայ շէնքերու փլուզման պատկերը իր մէջ խանգարումներ յառաջացուցած է, հոգեկան տագնապներ անցուցած է, հին վէրքերը բորբոքած է: Անոր մէջ արթնցած են լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դառն յիշատակները: Նոյնը պատմեցին Պէյրութէն Փարիզ գաղթած այլ կիներ: Այս մէկը ինծի մտածել տուաւ թռչունի բոյնին նմանող մեր իրականութեան մասին: Բոյնը շինել, լքել երթալ:

Հ.- Իւրաքանչիւր գրող իր գիրքը իր զաւակը կը նկատէ, ի՞նչ է կարծիքդ ասոր մասին:

Ն. Գ.- Ես ծնունդ տուած եմ 2 զաւակի, բայց ասիկա տարբեր զգացումէ: Երբ կը գրեմ, կ՛ապրին հերոսներուն հետ, կը լսեմ անոնց ձայնը, կը հոտոտամ ամէն բոյր, իսկ երբ աւարտեմ վէպս այն զգացումը կ՛ունենամ, որ կարծես լքեցի իմ իսկ ստեղծած ընտանիքս, անշուշտ միայն միանալու ուրիշ ընտանիքի մը:

Հ.- Գիրքը որքա՞ն ներուժ, սէր, յուզում կը խլէ քեզմէ:

Ն. Գ.- Չեմ գիտեր, եթէ բան մը կ՛առնէ, բայց ամէն ինչ կու տայ, կը հարստացնէ կեանքս` գիրքին մասին կատարած ուսումնասիրութիւններուս եւ նոր ծանօթութիւններուս ընդմէջէն: Կը զգամ, որ իսկական համալսարան է:

Հ.- Ե՞րբ զգացիր գրելու մարմաջը:

Ն. Գ.- Դպրոցական օրերէս ի վեր կը գրեմ, առաջին հրատարակութիւններս կ՛երեւի պատի թերթերուն վրայ, հոն զետեղուած մանկական կարճ բանաստեղծութիւններս են: Աւելի ուշ համալսարանին մէջ գրականութիւն ուսանեցայ:

Հ.- Ե՞րբ սկսար վէպ գրել:

Ն. Գ.-  Բանաստեղծութիւններս պատմողական բնոյթ ունէին, եւ փաստօրէն ուսուցիչներէս մէկը առաջարկեց փորձել արձակ գրութիւններ գրել, թէեւ այդ ժամանակ բանաստեղծութիւններս արդէն կը հրատարակուէին կարգ մը պարբերաթերթերու մէջ եւ տիրացած էի լաւագոյն բանաստեղծութեան ախոյեանութեան: Մեծ մօրս մահէն ետք արդէն սկսայ ամբողջովին արձակ գրել:

Հ.- Ապագայի ծրագիր ունի՞ս:

Ն. Գ.- Մէկ վէպէն միւս վէպը երթալու անցումային շրջանին մասին արդէն խօսեցայ նախապէս: Աւելի հեռու չեմ մտածեր: Հիմա բոլոր մտածումներս կեդրոնացած են Պուրճ Համուտի հայ ընտանիքին վրայ, որ 1980-ականներու քաղաքացիական պատերազմի ատեն գաղթեց դէպի Միացեալ Նահանգներ: Հերոսը հաւանաբար արուեստագէտ մը ըլլայ. ատով է, որ կ՛ապրիմ հիմա:

Հ.- Օտարները ինչպէ՞ս արձագանգեցին գիրքերուդ:

Ն. Գ.- Առաջին վէպս մեծ յաջողութեան տիրացաւ, մանաւանդ որ հրատարակութեան ժամանակաշրջանը յարմար էր նիւթին: Օտար մամուլին մէջ արձագանգներ կային: Օտարներ գրեցին ինծի, որ պատմութիւնը շատ նման է կեանքին իրենց իրլանտացի կամ իտալացի մեծ մօր, որոնք բոլորն ալ գաղթած են դէպի Ամերիկա: Երկրորդ գիրքս նոյնքան յաջող չէր. այդ կը վերագրեմ հրատարակութեան ժամանակաշրջանին. 2003-ին լոյս տեսաւ եւ հաւանաբար ռումբերու եւ ահաբեկչութիւններու մասին գրելու յարմար տարի մը չէր: Կը կարծեմ երրորդ գիրքս, որ մարտին լոյս պիտի տեսնէ աւելի լաւ պիտի ըլլայ. հոն Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին նիւթերն են գերիշխողը:

Հ.- Գիրքերը հայերէնի թարգմանելու ծրագիր կա՞յ:

Ն. Գ.- Իրականութեան մէջ «Զապէլ»-ը թարգմանուած է քանի մը լեզուներու, ինչպէս դանիերէն, հոլանտերէն, գերմաներէն, թրքերէն եւ արեւելահայերէն:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆԷՄՄԻԵԱՆ

http://www.aztagdaily.com/archives/82115

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ