Պէ-Տէ-փէցիները ազդարարեցին. «Եթէ մեր մէկ երեսփոխանին դպչիք, բոլորս ալ կը քաշուինք խորհրդարանէն»:
Պէ-Տէ-Փէցի 9 երեսփոխաններուն երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու առընչութեամբ վարչապետ Էրտողանի ըրած վերջին յայտարարութիւնը դարձեալ մեծ փոթորիկ ստեղծած է Պէ-Տէ-Փէ կուսակցութեան շրջանակէն ու այս կուսակցութեան համակիրներու աշխարհէն ներս։ Պէ-Տէ-Փէցիները շատ յստակ պատասխան տուին Վարչապետ Էրտողանին. «Եթէ մեր ընկերներէն մէկ հատին դպչիք, բոլորս ալ Խորհրդարանէն կը քաշուինք»։
Վարչապետ Էրտողան 9 Պէ-Տէ-Փէի երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու հարցի շուրջ ըրած էր բաւական վիճելի ու խնդրայարոյց յայտարարութիւն մը։ Ան ըսած էր. «Դատական իրաւակարգին ըսինք` ինչ որ անհրաժեշտ է, դատական իրաւակարգը պիտի ընէ անհրաժեշտը, մենք ալ Խորհրդարանին մէջ պիտի ընենք այն, ինչ որ պէտք է ընենք»։
Այս նախադասութեան մէջ ամէնէն առաջ շատ խոցելի նկատուեցաւ «Դատական իրաւակարգին ըսինք» ասութիւնը, որ կը նշանակէ, որ վարչապետը հրահանգ տուաւ դատական իրաւակարգին, եւ դատական իրաւակարգն ալ հիմա պիտի ընէ` ինչ որ հրահանգուած է վարչապետին կողմէ։ Ինչպէս երէկ պնդեցին Պէ-Տէ-Փէցիները, վարչապետ մը, որ այսպիսի յայտարարութիւն մը կ՚ընէ, վաղը այլեւս չի կրնար պնդել, որ Թուրքիոյ մէջ դատական իրաւակարգը անկախ է եւ ինքնագործ։ Վարչապետին արտայայտութեան մէջ խոցելի նկատուեցաւ նաեւ «Մենք ալ Խորհրդարանին մէջ կ՚ընենք անհրաժեշտը» նախադասութիւնը, որ Սահմանադրական օրէնքի դէմ է երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան իրաւունքներու տեսանկիւնէն։
Պէ-Տէ-Փէի խմբակի նախագահի տեղակալ Փէրվին Պուլտան խստիւ քննադատեց վարչապետի վերի յայտարարութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ես այս խօսակցութիւնը կը նկատեմ ցուցանիշ մը այն մասին, թէ Թուրքիա մօտ օրէն բոլորովին նոր գործընթացի մը մէջ պիտի մտնէ, եւ լաւ բաներ չեն, որ կը սպասեն Թուրքիոյ»։
Պուլտան ըսաւ, որ կը սիրէ յուսալ, որ երկրին մտաւորականներն ու գրողները հակազդեցութիւն ցոյց կուտան վարչապետին այս խօսքերուն, եւ վախցուածը չի պատահիր։ Բայց եթէ այդ գործընթացը ստեղծուի, այն ատեն Թուրքիա կը դառնայ կորսնցնող երկիր մը։ «Եթէ մեր ընկերներէն մէկ հոգիին իսկ դպչին, այն ատեն պայման կը դառնայ, որ բոլորս ալ հեռանանք Խորհրդարանի երդիքին տակէն։ Մեզմէ մէկուն դպչիլ՝ կը նշանակէ դպչիլ մեր բոլորին։ Նոյն պատճառաւ նոր սահմանադրութիւն պատրաստելու աշխատանքն ալ մէջտեղէն վերցուած կ՚ըլլայ։ Կը մտնեն շատ լարուած մթնոլորտէ մը ներս։
Ան աւելցուց, որ կը կարծէ, թէ վարչապետին խօսքերը ցոյց կուտան, որ Թուրքիա կը վերադառնայ 1990ական թուականներուն։
Պէ-Տէ-Փէի խմբակի նախագահի միւս տեղակալներէն երեսփոխան Իտրիս Պալուքէն եւս հակազդեց վարչապետին խօսքերուն եւ ըսաւ որ Վարչապետին խօսակցութիւնը ոճի ու մակարդակի տեսակէտէ շատ անխնամ ու թափթփած խօսակցութիւն է։ Այս խօսակցութեան բովանդակութիւնն ու գնացքը մեզի մտահոգութիւն կը պատճառէ վարչապետին հոգեբանութեան մասին, նաեւ այն աղէտներուն մասին, որոնց կը մօտենայ Թուրքիա։
Պալուքէն ըսաւ, որ «Եթէ ըսես, թէ դատական իրաւակարգին ըսինք` ինչ որ անհրաժեշտ է, անկէ վերջ ի՞նչպէս պիտի կարենաս պնդել, թէ դատական իրաւակարգը անկախ է։ Պէ-Տէ-Փէ պիտի չնահանջէ։ Եթէ վարչապետը իր սպառնալիք իրականացնէ եւ դատական համակարգին հրահանգելով` նմանօրինակ նոր գործընթաց մը ստեղծէ, այն ատեն բոլորովին ջնջած պիտի ըլլայ ժողովրդավարական լուծում մը գտնելու աշխատանքը։ Այսպիսի կացութեան մը դիմաց մենք ալ մեր մնացած կէտէն չենք շարունակեր։
Պէ-Տէ-Փէի Կեդրոնական գործադիր մարմինն ալ երէկ օրակարգի բերաւ վարչապետին խօսքերը եւ հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր ըսուեցաւ. «Ինչպէս որ Պէ-Տէ-Փէցի 8 հազար քաղաքագէտներու բանտարկուած ըլլալը չկրցաւ կործանել Պէ-Տէ-Փէ կուսակցութիւնը, ինչպէս որ մինչեւ այսօր կուսակցութիւն փակելը, երեսփոխանները Խորհրդարանէն առնելով բանտ ղրկելը չկրցաւ կասեցնել քիւրտ ժողովուրդին ժողովրդավար քաղաքականութեան պայքարը, այդպէս այսօր ալ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու սպառնալիքները պիտի չկարենան արգելք ըլլալ, որպէսզի մենք ընենք ու ըսենք` ինչ որ ճիշդ եւ ուղիղ կը գտնենք»։Եւրոխորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղար Թուրպէօրն Եակլանտ« երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով, անդրադարձաւ Րամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու եւ անոր ներում շնորհելու հարցին` նշելով, որ սպանութիւնները պէտք չէ փառաբանուին։
«Րամիլ Սաֆարով սպանութեան յանցանքով Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր։ Ան 31 օգոստոսին արտայանձնուած է Ատրպէյճանին եւ անմիջապէս ներման արժանացած է։ Ես չեմ ուզեր մեկնաբանել իրաւական գործընթացը, սակայն իմ կարծիքով անընդունելի է, որ սպանութեան յանցանքով դատապարտեալ մը հերոս հռչակուի։
Ես կը մերժեմ հեռանկարը այն աշխարհի, ուր բարոյական օրէնսգիրքը կռիւի ծնունդ կուտայ, ուր մարդու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքը կը մերժուի։ Ասիկա այն Եւրոպան չէ, զոր պէտք է ցանկանք մեր սերունդներուն։ Ես կը դատապարտեմ յանցագործութեան նմանօրինակ փառաբանումը եւ կոչ կ՚ուղղեմ, որ բոլորս աշխատինք, որպէսզի պահպանուի կեանքի ու հասարակաց արժէքներու հանդէպ յարգանքը, ինչպէս որ կը պահպանուի Եւրոխորհուրդէն ներս»,- յայտարարեց Եակլանտ։
Միւս կողմէ` կը հաղորդուի, թէ Պուտափէշտի մէջ Հունգարիոյ Խորհրդարանի առջեւ երէկ բազմամարդ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ ու հազարաւոր հունգարներ դատապարտեցին Հունգարիոյ կողմէ Րամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին արտայանձնելու որոշումը։
Ցուցարարները կը պահանջէին Վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հրաժարականը։ Հունգար ժողովուրդին մօտ Սաֆարովը արտայանձնելու որոշումը ընկալուած է որպէս յանցագործութիւն, ու զանգուածային լրատուամիջոցներ եւ հասարակութիւնը կը քննադատեն Հունգարիոյ կառավարութեան այդ քայլը։
Ցոյցը տեւեց մօտաւորապէս ժամ մը, եւ ցուցարարներ ներողութիւն խնդրեցին նաեւ հայ ժողովուրդին։ Անոնք կը կրէին «Մենք ներողութիւն կը խնդրենք հայերէն» եւ «Հունգարներու պատիւը վաճառքի առարկայ չէ» լոզունգներով վերտառութիւններ։ Ցոյցին կը մասնակցէր նաեւ ընդդիմութեան առաջնորդներէն նախկին վարչապետ Ֆէրէնց Կիւրչան, որու ղեկավարութեան տարիներուն տեղի ունեցած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը եւ հունգարական դատարանի կողմէ ոճրագործ Րամիլ Սաֆարովի ցմահ դատապարտումը։
Leave a Reply