Թրքական կազմակերպութիւնները կը բողոքեն Ցեղասպանութեան դասաւանդման դէմ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հետեւելով Թուրքիոյ իշխանութեանց օրինակին՝ Եւրոպայի թրքական կազմակերպութիւններ եւս դժգոհութիւն յայտնած են Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումներուն դէմ, նկատի ունե-նալով, որ երկիրի կրթութեան նախարարութիւնը դպրոցական նոր դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան մասին յատուկ բաժին յատկացուցած է:

Թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Ֆրանսայի թրքական կազմակերպութիւնները այս նպատակով տարածած են համատեղ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ իրենց համար անընդունելի է Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը դասագիրքերու մէջ ներառելու որոշումը: Թրքական կազմակերպութիւնները կոչ ըրած են նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի վարչակազմին, որ անմիջապէս հետապնդէ այս հարցը:

Գերմանիոյ թրքական կազմակերպութեան մը ղեկավար Հարուն Աքկիւն նշած է, թէ ֆրանսաբնակ թուրքերուն մեծամասնութիւնը քուէարկած է Հոլանտի ի նպաստ, եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պէտք չէ ոտնակոխէ թուրքերուն ցուցաբերած վստահութիւնը. «Թրքական կազմակերպութիւնները պէտք է համատեղ ջանքեր ի գործ դնեն՝ այս խնդիրը լուծելու համար», աւելցուցած է ան:

http://asbarez.com/arm/140061/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ