Թուրքիոյ մէջ իսլամական հոսանքի վերագտնուած թափը յուսահատութեան կը մղէ երկրի ալեւիները: Թրքական կառավարութիւնը, աշխարհիկ պետութեան խորագիրին ու քողին տակ, որդեգրած է ներքին քարոզչական քաղաքականութիւն մը, որ խոտոր կը համեմատի աշխարհիկութեան եւ կը փորձէ ընկերութեան պարտադրել նոր գաղափարախօսական նախատիպ մը` «ցեղ, կրօն, լեզու» խորագիրով:
«Ֆրանսայի մէջ ալեւիներու համադաշնակցութիւն»-ը մասնակից է Եւրոպայի մէջ ալեւիական շարժումի յարաճուն ուժականութեան, որ կը բխի Եւրոպայի 14 երկիրներէն աւելի քան մէկ միլիոն անդամներու նուիրումէն: Այս շրջագիծին մէջ ֆրանսական տարբեր շրջաններու մէջ ապրող 200 հազար ալեւիներ, Պորտոյէն մինչեւ Սթրազպուրկ, կը պայքարին այլ երկիրներու մէջ իրենց համայնքի զաւակներու խղճի եւ արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքները ապահովելու համար:
Այս ծիրին մէջ հարկ է նշել, որ աւելի քան 25 միլիոն ալեւի կ՛ապրի Թուրքիոյ մէջ: Անոնք մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանէն պահանջեցին ջնջել տալ Թուրքիոյ մէջ մանուկներուն պարտադիր կրօնական դասերն ու անձնաթուղթին վրայ կրօնի մատնանշումը: Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնը անտեսեց այս առնչութեամբ եւրոպական ատեանին կողմէ 9 նոյեմբեր 2007-ին արձակուած վճիռը:
Մենք կը պայքարինք ու կը շարունակենք դիմադրել, բայց Թուրքիա կը շարունակէ անտեսելու եւ իրաւազրկելու քաղաքականութիւնը` դանդաղօրէն սահելով դէպի քաղաքացիական պատերազմ: Արդարեւ, պարունակի մէջ արգելափակելու, չէզոքացնելու, ճնշելու քաղաքականութիւնը այլ տեղ չի կրնար տանիլ: Մեր աչքերուն առջեւ հարստութիւններու եւ մշակոյթներու երկիր Անատոլու կը վերածուի ատելութեան եւ խաւարամտութեան երկրի:
Ալեւիները Թուրքիոյ մէջ
Թուրքիոյ կառավարութեան կրօնական հարցերու պատասխանատուն մերժեց ալեւիներուն ցարդ ներկայացուցած բոլոր առաջարկները: Մերժուեցան մեր գանգատները, պահանջները, որոնցմով կը խնդրուէր, որ կրօնի գերատեսչութեան ծրագիրները նկատի առնեն այլ կրօններու եւ համայնքներու կարիքները:

Կրօնական հարցերու վարչութեան դերը դարձած է ֆինանսաւորել իսլամական կառոյցներու կարիքները, ինչպէս` իմամներու վճարումները, կրօնական դասերու եւ մզկիթներու ծախսերը եւ այլն: Դժբախտաբար ի զուր անցան մեր պահանջները` ջնջելու երկրորդական կարգերու պարտադիր կրօնական դասերը կամ ճանչնալու եւ թոյլատրելու մեր դաւանանքի դասաւանդումը, թոյլատրելու մեր պաշտամունքի վայրերու կառուցումը:
Մարդու տարրական իրաւունքներու տոփումը հոս կանգ չ՛առներ: Արդարեւ, Թուրքիա անսահման վճռակամութիւն կը ցուցաբերէ համալսարաններու մէջ մզկիթներ կառուցելու եւ պարտադրելու` տարրականի ու նախակրթարանի մէջ միակ կրօնի դասաւանդումը եւ այլն: Ի՞նչ ըսենք ի տես Սեբաստիոյ մեծ հրդեհը գործած ոճրագործներու ազատ արձակումին` յանցանքի ժամանակավրէպ դառնալուն պատրուակով: Պէտք է ողջ-ողջ այրե՞ն մեզ 21-րդ դարուս, որպէսզի Եւրոպա տեսնէ Թուրքիոյ իրականութիւնը: Մենք` ալեւիներս, այս խաղաղասէր ու մարդասէր ժողովուրդը, կը պահանջենք ձեր զօրակցութիւնը` աղէտէ փրկուելու համար:
ԷՐՏԱԼ ՔԸԼԸՃՔԱՅԱ
Ֆրանսայի ալեւիներու համադաշնակցութեան նախագահ
«Լը Մոնտ», 30 յուլիս 2012
http://www.aztagdaily.com/archives/81880
Leave a Reply