Աղթամար եկեղեցւոյ վերակառուցումէն ետք թրքական կառավարութիւնը այժմ սկսած է Վանի (Չարփանաք) Կտուց կղզիի եկեղեցւոյ վերանորոգման ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնել:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ճիհան» գործակալութիւնը, վերակառուցումը կը կատարուի Վանի մէջ տեղի ունեցած երկու աւերիչ երկրաշարժերէն ետք զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Մինչեւ 1915 գործած Կտուցի եկեղեցւոյ վերականգնման ուղղուած նախնական աշխատանքները արդէն սկսած են: Կ’ընթանան նաեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երրորդ պատարագը մատուցելուն ուղղուած աշխատանքները:
Թուրք ճարտարապետները կը նշեն, որ 1720-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն եկեղեցին էական վնաս կրած Է, սակայն կանգուն եղած է մինչեւ 1915:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ 2011-ի երկրաշարժէն ան լուրջ վնաս չէ կրած: «Եուզընճը եըլ» համալսարանի ճարտարապետաշինարարական համալսարանի դասախօս Սահապէտտին Օզթիւրքը նշած է, որ վերակառուցման նախագիծը արդէն կայ, եւ շուտով աշխատանքները պիտի սկսին:
«Նախ եկեղեցւոյ հիւսիսին եւ արեւմուտքին պեղումներ պէտք է կատարել: Սակայն փորելուն զուգահեռ, վերակառուցման աշխատանքներն ալ պէտք է վայրկեան առաջ սկսիլ, որպէսզի ան շուտով նախկին գործառոյթներուն վերադարձուի: Վանի նահանգապետարանն ու մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը արդէն այդ ուղղութեամբ քայլերու «կը ձեռնարկեն», ըսած է ան:
http://www.aztagdaily.com/archives/81875
Leave a Reply