Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց կալուածներէն միայն 10 տոկոսը կրնայ վերադարձուիլ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներէն խլուած գոյքը վերադարձնելու համար դիմումներ ներկայացնելու ժամկէտը Օգոստոս 28ին կ՛աւարտի: Այս առիթով, թրքական «Թարաֆ» թերթը գրած է, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու (վաքըֆ) գլխաւոր տնօրինութեան տուեալներով՝ հիմնադրամներու գոյքը վերադարձնելու հետ կապուած թրքական կառավարութեան որոշումի շրջանակներուն մէջ, մինչեւ այսօր 165 հիմնադրամներէն 56ը իրենց պատկանող անշարժ գոյքը վերադարձնելու համար 430 դիմում ներկայացուցած են: Անոնցմէ 51ին վերաբերեալ դրական որոշում տրուած է, իսկ մէկուն վերաբերեալ՝ փոխհատուցման որոշում: Մինչ այդ, 32 դիմումներ մերժուած են:

«Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրինութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու դիմումները կը քննէ երկու շաբաթը մէյ մը տեղի ունեցող հաւաքներու ընթացքին: Դիմումները քննարկելու գործընթացը կը շարունակուի: Միայն Պոլսոյ մէջ հայկական հիմնադրամներէն գրաւուած 621 գոյք կայ: Անցեալ մէկ տարուան ընթացքին, ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներուն վերադարձուած է անոնց պատկանող գոյքերէն միայն 51ը: Մերժուած է Հայկական հիմնադրամին վերադարձնել այն մանկատունը, ուր մեծցած էր Հրանդ Տինք: Հակառակ այն բոլորին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ազգային հիմնադրամներու ունեցուածքը վերադարձնելու մասին իրենց որոշումը՝ «պատմական քայլ» որակած են», կը գրէ «Թարաֆ» թերթը:

«Ակօս» թերթի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ, «Թարաֆ»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հիմնադրամներու ունեցուածքը վերադարձնելու գործընթացը «դրական, բայց ոչ բաւարար» քայլ որակած է: «Սկզբնական շրջանին կը կարծէինք, թէ գոյքը հիմնադրամներուն վերադարձնելու գործընթացը լուրջ բնոյթ պիտի ունենայ: Սակայն տեսանք, որ իրականութիւնը այդպէս չէ: Թուրքիոյ մէջ կայ ազգային փոքրամասնութիւններու պատկանող հազարէն աւելի խլուած գոյք: Կը կարծեմ, որ այս գործընթացի ընթացքին կը վերադարձուի անոնցմէ միայն 10 տոկոսը եւ ոչ աւելին», ըսած է ան:

Քոփթաշ ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս գծով «արմատական լուծումի» չի դիմեր՝ ազգայնականներու հակազդեցութենէն վախնալով:

http://asbarez.com/arm/139698/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ