Կրօնից Տեսուչ Փրօֆ. Մէհմէտ Կէօրմէզ Եալովայի բարեսէրներու կողմէ կառուցուած մզկիթի մը բացման առթիւ իր ըրած ճառախօսութեան մէջ վիճելի կարծիքներ յայտնեց միւս կրօնքներու աղօթատեղիներուն առընչութեամբ։
Եալովայի Չընարճըք գաւառակի Էսէնգէօյ թաղամասի մէջ է որ կառուցուած էր նոր մզկիթը։ Իր ճառախօսութեան մէջ Կրօնից Տեսուչը ըսաւ, որ վերջերս մամուլին մէջ մզկիթներու ճարտարապետութեան մասին բանավէճ մը ստեղծուած է, եւ ասիկա կ՚երջանկացնէ զինքը, որովհետեւ կը տեսնէ, որ թուրք ճարտարապետները վերջապէս սկսան մտածել ու խօսիլ մզկիթի ճարտարապետութեան մասին։ Ասիկա կարեւոր է այն տեսանկիւնէն, թէ Թուրքիոյ համալսարաններու ճարտարապետական ֆաքիւլթէները եւ ճարտարապետները 80 տարի քէն պահեցին մզկիթներու նկատմամբ եւ Հանրապետութեան շրջանի յատուկ մզկիթի ճարտարապետութիւն մը չկրցան ստեղծել։ Չկրցան ստեղծել, որովհետեւ քէնոտած էին։ Հիմա կը մտածեմ, որ անոնք հաշտուած են մեր մզկիթներուն հետ։ Ասիկա մեզ դէպի աւելի լաւը պիտի տանի։
Կէօրմէզ ասկէ անդին վիճելի մեկնաբանութիւններ ըրաւ, երբ Իսլամ կրօնքը բաղդատեց միւս կրօնքներուն հետ։ Այն հարցումին, թէ ոչ իսլամ մը մզկիթ չի՞ կրնար շինել, կրօնից տեսուչը պատասխանեց, որ այո’, կրնայ կառուցանել, Իսթանպուլի մէջ մանաւանդ Սահմանադրութենէն ետք բազմաթիւ մզկիթներու ճարտարապետները հայ հայրենակիցներ եղած են։ Մէկը որ մահմետական չէ, կրնայ մզկիթ կառուցանել (ինշա), բայց չի կրնար մզկիթ մը բարեզարդել (իմար)։ Մզկիթները թէ մեր պաշտամունքի վայրերն են, եւ թէ մեր միասնութեան վայրերն են։ Այն տեղերն են, ուր մենք մեր սիրտերը իրարու կը միացնենք։ Միւս կրօնքներուն աղօթատեղիները մեհեաններ են։ Անոնց աղօթատեղիներուն ու իսլամին աղօթատեղիին միջեւ լեռներու չափ տարբերութիւն կայ։ Մեր աղօթատեղիները մեհեան չեն (թափընաք), պաշտամունքի (իպատէթ) վայրեր են։ Մենք շէնքերը չէ, որ կը պաշտենք, այլ մեր Աստուածը կը պաշտենք։ Շատ մեծ տարբերութիւն կայ։
Մեր կարծիքով շատ ալ յստակ չէ, թէ ի՞նչ ըսել ուզեր է կրօնից տեսուչը։ Քրիստոնեաները իրենց աղօթատեղիներուն մէջ քարե՞րը կը պաշտեն, զԱստուած չե՞ն պաշտեր, եւ ինչո՞ւ արդեօք ոչ իսլամներու աղօթատեղիներուն համար գործածուած է «թափընաք» բառը, որ իրականութեան մէջ մեհեանի իմաստ ունի։ Չէ՞ որ բոլոր աղօթատեղիներու մէջ միշտ նոյն ու միակ Աստուածն է, որ պաշտամունքի առարկայ կը դառնայ։
Կրօնից տեսուչը ըսաւ նաեւ, որ պէտք է երիտասարդները շահեցնել մզկիթներուն։ «Որպէսզի մեր մզկիթները բարեզարդուին, պէտք է, որ մեր երիտասարդները կապուին մեր մզկիթներուն։ Թող տարեց հաւատացեալները չբարկանան, բայց պէտք է, որ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ մզկիթ գան»,- ըսաւ կրօնից տեսուչը։
Leave a Reply