Թուրքիան Պոլիս կը հրաւիրէ Երեւանն ու Պաքուն՝ բանակցելու համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիա անգամ մը եւս առիթը օգտագործած է արծարծելու համար Արցախի հիմնախնդիրը: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նշած է, թէ Թուրքիա կը փափաքի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ հանդիպումներ կատարեն եւ բանակցութիւններ վարեն Պոլսոյ մէջ:

Տաւութօղլու նաեւ ըսած է, որ Թուրքիա կը վարէ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները լուծելու քաղաքականութիւն, որուն շնորհիւ՝ «Թուրքիա շրջանի յառաջատար երկիրը դարձած է»:

Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիա՝ այլ գաղթականներու շարքին, կրնայ ընդունիլ նաեւ սուրիահայերը: Ան ըսած է, որ թրքական կողմը կը պատսպարէ Սուրիայէն գաղթած սիւննիները, արաբները եւ թուրքմէնները:

«Եթէ վաղը Սուրիոյ մէջ բռնութեան ու խոշտանգումներու ալիք սկսի, ապա մենք կրնանք հիւրընկալել նաեւ այդ երկիրին մէջ ապրող քրիստոնեաները: Մենք պիտի պաշտպանենք նաեւ Սուրիայէն գաղթած քիւրտերու իրաւունքները», նշած է Տաւութօղլու:

Այն հարցումին, թէ արդեօք դռները բա՞ց են նաեւ հայերուն համար, որոնց նախնիները 1915ին Թուրքիայէն գաղթած են՝ ան ըսած է. «Վիճակը այնպիսին է, որ մոռացութեան պիտի մատնուի նաեւ 1915ի իրավիճակը: Մեր մշակոյթը այնպիսին է, որ մենք ոչ մէկուն նկատմամբ ատելութիւն կը տածենք եւ քինախնդիր չենք: Մեր դռները բաց են բոլորին առջեւ»:

Ի պատասխան Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւններուն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Եթէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իրապէս կ՛ուզէ նպաստել տագնապի լուծման, ապա Թուրքիա պէտք չէ փորձէ խեղաթիւրել ղարաբաղեան խնդիրի էութիւնը, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը, որուն ի պատասխան՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դիմեցին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան եւ ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ լայնածաւալ նախայարձակումի իրականացման: Խնդիրի լուծման համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլար, եթէ Թուրքիա դրդէր Ատրպէյճանը՝ բանակցելու համար տագնապի իրական կողմին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Թուրքիա առնուազն պէտք է չշարունակէ սատարել Ատրպէյճանի «ամէն ինչ կամ ոչին»չ դիրքորոշումին եւ բանակցային հոլովոյթը Մինսկի խմբակի շրջանակներէն դուրս բերելու փորձերուն, որոնք ուղղուած են միջնորդներու ջանքերը տապալելուն»:

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Արտակ Դաւթեան ըսաւ, որ եթէ 1915ի մասին յիշեցում մը չկատարուէր այդ յայտարարութեան մէջ, ապա Տաւութօղլուի խօսքերը կրնային քայլ մը նկատուիլ՝ հայ-թրքական հաշտութեան գործընթացին մէջ. բայց յայտարարութեան վերջին հատուածը, առնուազն, տարակուսանքի ճամբայ կը բանայ։ Դաւթեան նշեց. «Ոեւէ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայի մօտ «ցաւի զգացում» ըսուածը ո՛չ միայն կը բացակայի, այլ ուրիշ բանով կը փոխարինուի։ Փաստօրէն, այնպէս կը ստացուի, որ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակիչներն են մեղաւոր, որ կոտորածներէն փրկուելու համար՝ իրենց հարազատ օճախներէն այլ երկիրներ գաղթած են։ Ասիկա առնուազն տարակուսելի է եւ մեղմ ըսուած՝ կը բացայայտէ պաշտօնեային իրական դէմքը»։ Դաւթեան դիտել տուաւ նաեւ, որ այս յայտարարութիւնը կը բացայայտէ «թուրք պաշտօնեաներու քայլերուն փարիսեցիութիւնը»։

http://asbarez.com/arm/139624/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ