Շաւարշ Քոչարեան կ՛արձագանգէ Տաւութօղլուի յայտարարութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ակնյայտ է, որ փրոֆեսէօր Տաւութօղլուն, դառնալով արտաքին գործոց նախարար, զրոյականացրել է իր գիտելիքները միջազգային իրաւունքի բնագաւառում», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան՝ ի պատասխան «Նիուզ»ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքին համապատասխան` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նման յայտարարութիւն կատարած էր 22 Օգոստոսին Պիշկեքի մէջ տեղի ունեցած թրքալեզու հանրապետութիւններու խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին։

Քոչարեան աւելցուցած է. «Համաձայն միջազգային իրաւունքի հանրայայտ հիմնարար նորմերի՝ տարածքային ամբողջականութիւնը չի կարող հակադրուել ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի՝ նմանատիպ զրոյականացուած մօտեցումներով առաջնորդուելու արդիւնքն է, որ Թուրքիան ունի զրօ հարեւան առանց փրոպլեմների»:

http://asbarez.com/arm/139550/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ