Սուրիահայերուն ուղղուած սպառնալիքները կը հերքուին

«ԵՐԵՒԱՆ», «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն», «Թերթ».- 24 Օգոստոսին «Շեմ Թայմզ» լրատու աղբիւրը յայտնեց, որ Սուրիոյ Յեղափոխութեան Գերագոյն խորհուրդը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով սպառնացած է սուրիահայ համայնքին՝ «աղէտ եւ աւերներ գործել»։ Աղբիւրը դիտել տուաւ, որ այս սպառնալիքները իրական են, որովհետեւ ընդդիմադիրներուն թիկունք կը կանգնի Թուրքիան, որ կանաչ լոյս տուած է անոնց՝ հայերուն վրայ յարձակելու։

Խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ «որոշ հայորդիներ» մեղադրած է «Ասատի ուժերուն հետ գործակցելու, սպանութիւններու պատճառ դարձած գործողութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ ռազմականօրէն սուրիական վարչակարգին սատարելու յանցանքով»։

Ըստ «Շեմ Թայմզ»ի՝ սուրիացի ապստամբները դիտել տուած են, որ հայերը սուրիական կառավարական ուժերուն սատարած են Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ՝ զգուշացնելով «այդ տարրերը իրենց արարքներուն հետեւանքներէն»։ Այս լուրը, բնականաբար, տարածուեցաւ համացանցին վրայ։

Այս գծով «Արմէնփրէս» կապ հաստատած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքին ուղղուած սպառնալիք բովանդակող պաշտօնական յայտարարութիւն գոյութիւն չունի։

Ռէյիսեան  յայտնեց.  «Սուրիոյ մէջ համացանց չկայ, ուստի տարածուած լուրերուն պէտք չէ ականջ տալ։ Նման տեղեկատուութեան մասին Սուրիոյ հայութիւնը ունի յստակ դիրքորոշում՝ հակամարտութեան մասնակից որեւէ ուժի թիկունք չկանգնիլ։ Մեր յարգանքն ու զօրակցութիւնը ուղղուած է Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին, որ ունի մէկ նպատակ՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատել»։

Նման յայտարարութիւններու տարածման մէջ Ռէյիսեան չբացառեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։ «Յստակ է, որ ընդդիմադիր կողմը ուղղակիօրէն կը վայելէ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը, սակայն նման լուրեր կարելի չէ շուտով պաշտօնականացնել։ Ասիկա կրնայ հայ-արաբ բնակչութեան բարեկամական յարաբերութիւնները խաթարելու փորձ ըլլալ», նշեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբերը։

Աւելի ուշ Սուրիոյ ընդդիմադիր «Ազատ բանակ»ի զինուորական խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ալ Շէյխ հերքեց սուրիահայերուն դէմ իրենց կողմէ ուղղուած որեւէ սպառնալիքի կամ յայտարարութեան գոյութիւն։

«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին միջոցով կատարած յայտարարութեան մէջ Ալ Շէյխ դիտել տուաւ, որ հայերը Սուրիոյ մէջ կ՛ապրին տասնամեակներէ ի վեր եւ ոչ մէկ խնդիր յառաջացուցած են։ «Սուրիոյ մէջ ժողովուրդը հայերու, քրիստոնեաներու եւ այլ համայնքներու հետ ոչ մէկ հարց ունի», յայտնեց Ալ Շէյխ։

Ան նաեւ հաստատեց, որ ո՛չ ներկայիս, ոչ ալ ապագային ապստամբող ուժերը մտադիր են յարձակում գործելու հայերուն դէմ՝ իրենց անունով տարածուած յայտարարութիւնը նկատելով հակառակորդներու կողմէ սարդանք։

Միւս կողմէ, խօսելով Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ քրիստոնեաներով եւ հայերով բնակուած Հալէպի թաղամասերը կը շարունակեն մնալ բանակին հսկողութեան տակ։ Անոր համաձայն, 23 Օգոստոսի գիշերը պայթումներու ձայներ  եւ կրակոցներ լսուած են հայկական թաղամասերուն մէջ, բայց եւ այնպէս հոն գործողութիւններ տեղի չեն ունենար։ «Ամէն տեղ խիստ հսկողութիւն կայ, հաւանական է, որ որեւէ տեղ, որեւէ թաղի մէջ բախումները վերսկսին։ Ներկայ դրութեամբ ելեկտրականութիւնն ու հեռաձայնային կապը սկսան գործելու։ Պետութիւնը իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի բնակչութեան կարելի եղածին չափ ելեկտրականութիւն հայթայթէ եւ հեռաձայնային դրութիւնը ապահովէ», դիտել տուաւ Ռէյիսեան։

Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ տիրող իրավիճակին անդրադարձած են նաեւ արեւմտեան լրատուամիջոցներ։

«Ֆրանս Փրէս»ի համաձայն, քրիստոնեաներով բնակուած թաղամասերուն մէջ ամէնէն բուռն բախումները տեղի ունեցած են Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերը։

«Շաբաթասկիզբին սկսած մարտերը շատ դաժան էին եւ երկար ժամեր շարունակուեցան, մինչեւ որ բանակը յաջողեցաւ դուրս մղել ապստամբները», «Ֆրանս փրէս»ին յայտնած է Հալէպի քրիստոնեայ բնակիչներէն մէկը, որ չէ ուզած անունը տալ։

Հալէպի բնակիչ Սոնիան հեռաձայնով ֆրանսացի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այդ երկու օրերը իրենց կեանքի ամէնէն ահաւոր օրերն էին։

«Եթէ մեր տունը ամրոցի նման կառուցուած չըլլար, հաստատ է, որ ողջ պիտի չմնայինք», ըսած է այլ քրիստոնեայ մը։

«Ֆրանս Փրէս»ի համաձայն, ռազմական գործողութիւնները յատկապէս տեղի կ՛ունենան հայերով բնակուած Սուլէյմանիյէ եւ Թիլալ շրջաններուն մէջ։

Ականատես մը ֆրանսական լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Բանակը ստիպուած էր վերագրաւել այս թաղամասերը, քանի որ այս շրջաններուն մէջ գտնուող տուներէն շատեր ստորերկրեայ փապուղիներով կապուած են Հալէպի վրայ իշխող դիրք ունեցող ամրոցին»։

«Ֆրանս Փրէս» գրած է, որ բանակին եւ ապստամբներուն միջեւ տեղի ունեցած կատաղի մարտերուն աւարտին քրիստոնէական թաղամասերուն հսկողութիւնը անցած է տեղական ինքնապաշտպանական ջոկատներուն։ «Այդ բոլորը այնքան ալ լաւ կազմակերպուած չեն, բայց կան երիտասարդներ՝ մասնաւորաբար հայկական թաղամասերուն մէջ, որոնք կը հսկեն կառոյցներուն՝ պաշտպանելով զանոնք նոր ներխուժումէ։ Անոնցմէ ոմանք զինուած են, պատրաստ են որեւէ վայրկեան դիմելու բանակին, որպէսզի հարկ եղած պարագային միջամտէ», նշած է ֆրանսական լրատուամիջոցը։

Վերջին բաժինին վերաբերեալ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան ըսաւ, որ զուտ հայկական ինքնապաշտպանողական ջոկատներ չկան Հալէպի մէջ։

«Թաղամասերուն մէջ ստեղծուեցան տեղական պաշտպանական մարմիններ, որոնց անդամակցեցան հասարակ քաղաքացիներ, եւ անոնց թեթեւ տեսակի զէնքեր բաժնուեցան։ Կարգ մը հայեր, ինքնակամ, առանց որեւէ կողմի պարտադրանքին, մաս կազմեցին այդ խմբաւորումներուն եւ զէնք ստացան։ Անոնց զէնք կրելու այս քայլը ո՛չ մէկ հայկական հովանաւորութիւն կը վայելէ։ Հայկական կողմը ընդհանրապէս զէնքին դէմ է, մենք կողմ ենք խաղաղութեան վերահաստատման», նշեց Ռէյիսեան։

http://asbarez.com/arm/139570/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ