Դարձեալ շրջագայութեան մէջ է «հայէ դարձած» ասութիւնը

«Հիւրրիյէթ»-ի յայտնի քրոնիկագիր Ահմէտ Հաքան այսօր իր սիւնակին մէջ կարճ տողերով կը պախարակէ Ա-Գէ-Փէի Էրզրումի երեսփոխան Մուհյետտին Աքսաքը, որ նախընթաց օր անպատշաճ յայտարարութիւն մը ըրած էր սպաննուած ՓՔՔ-ցիներու մասին` ըսելով որ ասոնց համար պէտք է ըսուի «սատկեցան»։ Երեսփոխանը այս ծանր արտայայտութեան ընթացքին չէր մոռցած անցողակի կերպով նախատելու նաեւ հայերը` ՓՔՔ-ցիներուն մասին գործածելով «Ասոնք հայէ դարձածներու երախաներ են» նախադասութիւնը։ Այս վերջինին դէմ է, որ Ահմէտ Հաքան իրաւամբ կը բողոքէ այսօր։ «Հայէ Դարձած ասութիւնն ալ կրկին դրուեցաւ շրջագայութեան մէջ”»խորագրեալ իր ակնարկին մէջ Հաքան նոյնութեամբ կը գրէ հետեւեալը.

«Ինչ որ կը պատահէր 80-ական կամ 90-ական թուականներուն, նոյնը կը պատահի 2012ին եւս։

Այս պատճառաւ կը սպասէի, որ վերստին շրջագայութեան մէջ դրուէր «Այս ահաբեկիչները Հայ են» ասութիւնը։ Շատ չսպասեցի։ Մուհյետտին Աքսաք անուն Ա-Գէ-Փէցի երեսփոխանը երկարեց իր գլուխը։

Երբ կը խօսէր ՓՔՔ-ին մասին, Աքսաք ըսաւ հետեւեալը

«Ասոնք Հայէ դարձածներու զաւակներ են»։

Նայէ Մուհյետտին Պէյ,

Քանի որ ցեղապաշտութիւն պիտի ընես, քանի որ չարութիւն պիտի գործես, գնա ուրիշ գետնի մը վրայ ըրէ ատիկա։

Ատիկա մի ըներ` իբր թիրախ ցոյց տալով մեր անմեղ հայ հայրենակիցները, որոնց թիւը նուազելով ու նուազելով իջեր է մինչեւ 20 հազար։ Այսքան մը մարդկութիւնը դուն քեզի շատ մի տեսներ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ