Մարաթուկի կիսաքանդ եկեղեցին աւելիով կը քանդուի

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».-Ինչպէս հաղորդած էին նախապէս, յուլիս 28-29ին հին տոմարով Վարդավառը տօնող խումբ մը հայ ուխտաւորներ բարձրացած էին Մարաթուկ սարը՝ մոմեր վառելու եւ աղօթելու համար արդէն իսկ կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող տեղւոյն Բարձր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Սակայն, ըստ տեղացիներէն ստացուած տեղեկութիւններուն՝ այս ուխտագնացութենէն ետք, 7 կամ 8 յանցագործներ բահերով ու բրիչներով փորձած են աւելիով քանդել կիսաւեր եկեղեցին, ու կառոյցին յաւելեալ վնասներ պատճառելէ ետք՝ փախուստ տուած են:

Այս տարուան ուխտագնացութեան մասնակցած էին նաեւ Հայաստանէն ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ եւ «Մարաթուկ» երգ ու պարի խումբը:

http://asbarez.com/arm/139321/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ