Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք բրիտանական Independent-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է մինեւ 2010 Թուրքիոյ «Աջ» թերթերուն` իր հասցէին հնչած քննադատութիւններուն, նշած, որ իր դէմ շարժումները դեռ կը շարունակուին, սակայն ինքը այժմ աւելի հանգիստ կը վերաբերի անոնց:
«Թուրքիոյ ձայնը կամ ներկայացուցիչը ըլլալը չի ոգեւորեր զիս: Ատիկա ինծի աւելի ամչկոտ կը դարձնէ: Կը սպաննէ իմ մէջի երեխան»,- ըսած է ան:
Իր տան մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին Փամուք նշած է, որ առաջուան նման իր դէմ շարժումներ կ’իրականացուին:
«Սակայն այժմ աւելի հանգիստ է: Հաւանաբար ատիկա որոշ չափով կապուած է Նոպէլեան մրցանակին հետ: Թէեւ երկիրն ալ փոխուած է: Ես կ’աջակցէի Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան»,- ըսած է ան:
Փամուք նշած է, որ մարդիկ իրեն կ’ընդունին իբրեւ Թուրքիոյ համար իւրայատուկ դիւանագէտ մը, սակայն այդպէս չէ, ատիկա պարտաւորեցնող է:
«Ես չեմ ուզեր, որ այդպէս ըլլայ: Թուրքիոյ ձայնը կամ ներկայացուցիչը ըլլալը անմեղ եւ ուրախալի վիճակ մը չէ»,- ըսած է գրողը:
Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք անցեալ շաբաթ հարցազրոյց տուած էր նաեւ գերմանական Die Zeit թերթին:
Ան նշած էր, որ Թուրքիոյ վերնախաւը շատ կը զայրացնէ զինք:
«Կ’ատեմ անոնց գոռոզութիւնը: Անոնք նեղ մտածելակերպ ունին եւ անձնասէր են, բացի այդ` կ’ատեն իրենց ազգը»,- ըսած էր ան:
Անդրադառնալով դէպի Եւրոպա թեքուած թուրք բարձրաստիճան խաւի նկարագրութեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, Փամուք ըսած է. «Անոնց ապրելակերպը իմ ապրելակերպն է: Նոյն դասարանէն, նոյն փողոցէն ենք: Մեր սովորոյթները նոյնն են, նոյն խանութներէն առեւտուր կ’ընենք: Անոնց մասին սիրով լի բառեր ալ գրած եմ, սակայն նաեւ ծաղրած եմ: Պուրժուազիան կը զայրացնէ զիս: Անոնց մեծամտութիւնը հաճելի չէ ինծի համար: Անոնք եսասէր են եւ կ’ատեն սեփական քաղաքացիները, որ ես չեմ կրնար ընդունիլ: Անոնց մէկ մասը վերէն կը նայի գլխաշորով թուրք կանանց: Այդ պահուածքը ինծի կը յիշեցնէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ սպիտակ մարդոց` սեւերուն ուղղուած հայեացքները»:
Leave a Reply